Վերջին տարիներուն եւ ամենատարբեր հարթակներու վրայ լրատւութիւն կատարուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Վանքին շուրջ ստեղծուած տագնապին մասին։
Տագնապին հիմնական պատճառը «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի հողատարածքին վարձակալութեան գործարքն էր, որ նաեւ շատերու կողմէ համարուեցաւ վանքի իրական շահերէն չփող գործարք մը։
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ մեկնաբան Սագօ Արեանը, որ նաեւ կը ներկայացնէ Երուսաղէմի Հայոց Վանքին պատմական դերն ու իսկական արժէքը։
Արեանի մեկնաբանութիւններէն բացի իրենց կարծիքները կը ներկայացնեն՝ Գանատա հաստատուած Սաղիմահայ՝ Օհան եւ ներկայիս Երուսաղէմ բնակող երիտասարդ գործիչ՝ Սեդրակ Պալեան։
Մանրամասնութիւնները՝ «Արեւելք»ի տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։