image

Հայկական Այնճարը առաջին թեկնածու՝ «Լիբանանի լաւագոյն գիւղ» մրցանքին (Լուսանկար)

Հայկական  Այնճարը առաջին թեկնածու՝  «Լիբանանի լաւագոյն գիւղ»  մրցանքին (Լուսանկար)

Լիբանանեան միակ ֆրանսագիր  օրաթերթը՝ «L’orient Le Jour»-ը մրցանք մը յայտարարած է, որու աւարտին թերթի ընթերցողները եւ մասնակիցները պիտի ընտրեն 2017 տարեշրջանի լիբանանեան «լաւագոյն գիւղը»: Այս մասին տեղեկութիւն տրուած է «L’orient Le Jour»ի կայքի մէջ: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ մրցանքին գլխաւոր թեկնածուներն են՝ հայկական Այնճարը, Աքուրան, Պէյթ Շապապը, Պեհամտունը, Հասրունը, Մզար Ալ Շուֆը, Քըլէյլին, Սիր ալ տըննիյէն, Թաննուրինը եւ Թըպլինը:  Մրցանքին մասնակիցները տեղեկացուած ըլլալով նշեալ գիւղերու մասին, պիտի քուէարկեն եւ այդպէս պիտի ընտրուի գիւղը: Թերթը նաեւ խոստացած է յատուկ միջոցառումով յայտարարել յաղթող գիւղի անունը: Հաւանաբար միջոցառումը տեղի ունենայ յաղթական համարուած գիւղին մէջ: Նշենք, որ Այնճար իր բնութեամբ, բնական հարստութիւններով,  ջուրով,  պատմական վայրերով,  հայկական եկեղեցիներով եւ բնակչութեամբ իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ լիբանանեան գիւղերու մէջ:

Այնճարի ազգային գործիչներէն եւ Այնճար բնակող ատամնաբոյժ տոքթ. Խաժակ Անթէպլեան այս նիւթի մասին գրառում մը կատարելով  գրած է ՝

«Յարգելի Ֆէյսպուքահայութիւն Այնճարը բոլորդ լաւ կը ճանչնաք:Ով չի ճանչնար , հրամմեցէք ծանօթացէք: Լիբանանի ամենագեղեցիկ գիւղն է եւ սփիւռքի միակ ամբողջութեամբ հայ բնակչութիւն, դպրոցներ ու եկեղեցիներ ունեցող շրջանը:  Պետական լեզուն հայերէնն է, դրօշակն ալ հայկական եռագոյնն է: Այս օրերուն լիբանանեան «L’orient Le Jour» թերթը կազմակերպած է «Ձեր նախընտրած Գիւղը» անունով մրցում մը՝ լիբանանեան տասը գիւղերու միջեւ, որոնցմէ մէկը Այնճարն է: Մէկ խօսքով քուէարկեցէ՛ք Այնճարի օգտին մտնելով այս կայքը»:

Սոյն մրցանքին մասնակցիլ փափաքողները կրնան այցելել հետեւեալ յղումը, ուր նաեւ կրնան քուէարկել հայկական ոգիով ապրող, Լիբանանի միակ հայկական գիւղի՝ Այնճարի օգտին:

 

 

 

 

Յղման հասցէ ՝ https://www.lorientlejour.com/village