image

«Հայերուս համար, հիմա միանալու քով-քովի ըլլալու ատենն է, պէտք է մոռնանք բաժանումները».Հայ երգի պաշտպան՝ Հրայր Զաքարեան

 «Հայերուս համար, հիմա   միանալու քով-քովի  ըլլալու  ատենն  է, պէտք է մոռնանք  բաժանումները».Հայ  երգի  պաշտպան՝ Հրայր Զաքարեան

 

 Զաքարեան նոր տարուան առթիւ շնորհաւորեց իր հայրենակիցները ըլլայ Հայաստանի եւ ըլլայ Սփիւռքի մէջ՝«Գիտենք կեանքը դժուարացած է ընդհանրապէս, իսկ հայերուն համար մասնաւորապէս, անոնք կը  չարչարուին թէ՛ նիւթական, թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ազգային առումներով, որովհետեւ մտահոգ են ապագայով: Բայց մտահոգուելով ու նեղուելով տեղ չենք հասնիր, պէտք է մեր տրամադրութիւնը բարձր պահենք որքան որ կրնանք: Մարդ ենք պիտի ընդունինք ամէն ինչ, մինչեւ մեր հարցը լուծուի, ինչ որ ինծի համար անկարելի կը թուի, որովհետեւ մեր ղեկավարները չեն կրնար միասնաբար քով քովի գալով աշխատիլ ու լուծումներ գտնել, համաձայնութիւն պէտք է ըլլայ, կը բաւէ հակառակութիւն իրար հանդէպ: Բոլոր միութիւնները, կուսակցութիւնները պէտք է միանան: Պէտք է նախ հայ ըլլալ, ինծի երբեմն կը հարցնեն դուն ո՞ր կուսակցութենէն ես, կը պատասխանեմ ես հայ եմ, մոռցէք այլեւս այս տարանջատող հարցերը: Հայերս միասնաբար աշխատելով միայն կրնանք տեղ հասնիլ»:    

 

Հայ երգին եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէն երգին թափ տալու ու տարածելու իր առաքելութեան ծիրէն ներս, օրերս Լիբանան  կ՚այցելէ  համերգներ կազմակերպող, նոր հայ երգիչներ յայտնաբերող եւ նախաձեռնող Հրայր Զաքարեան: 

«Արեւելք» այս առթիւ կապ հաստատեց արմատներով Սուրիայէն եւ երկար տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Հրայր Զաքարեանի հետ: 

Զաքարեան նոր տարուան սեմին մտաբերելով անցեալ տարուան իր գործունէութիւնը ըսաւ.- «2023 տարին բաւական նուաճումներու տարի էր, նոր երգիչներ եւ նոր երգեր պատրաստելու առումով: Այս տարի 15 երգիչի հովանաւորն էի: Անշուշտ ես առիթ կու տամ նոր երգիչի մը անոր համար նոր երգ պատրասատելով, իմ արտադրութեամբ կը ձայնագրեմ երգը կամ նոյնիսկ տեսահոլովակը,  բայց միայն մէկ երգով երգիչ մը ասպարէզ չի հիմներ: Բոլորը լաւ ձայն ունին, բայց անոնցմէ առաջ կ'երթան միայն անոնք, որոնք իրենք իրենց վրայ կ'աշխատին, այլ խօսքով  իրենք զիրենք կը կատարելագործեն։ Անոնք պէտք է յաճախեն երաժշտանոց, հետեւին ձայնամարզութիւններու, սորվին ձայնային նրբութիւններ, շնչառութիւն, տիրապետեն ձայնային խաղերու: Օրինակ Երեւանի Կոնսերվադորեաէն  ամէն տարի  հզօր ձայներ կ'ելլեն, ինչ որ կը նպաստէ, որ արեւելահայերէն երգը մնայ բարձր դիրքի վրայ եւ միշտ զարգացում ապրի»: 

Իսկ թէ այս տարուան երգիչներուն մէջ արդեօք լաւ ատաղձներ կան ան շեշտեց «Այո շատ: Այս տարուան նոր   երգիչներուն մէջ աչքի ինկան Մարիա Չիչեան, Լոռի Կիւլիւմեան, Լարա Նալպանտեան, Կասիա Շատարեւեան: Իսկ  աւելի աւագ սերունդէն  կը յիշեմ  Յարութ Յակոբեանի  անունը, որուն  համար ալ նոր երգ մը պատրաստեցինք»: Ըստ Զաքարեանին, որ միշտ կը պայքարի արեւմտահայ երգին համար, այս նոր անունները յոյս կը ներշնչեն «ես շատ լաւ ապագայ կը նախատեսեմ այս երգիչներուն»:

Զաքարեան իր կեանքը անցուցած է անընդհատ հաղորդակցելով երգիչներու հետ,  երգարուեստը անոր կեանքը եղած է, սակայն երբ հայ երգ ըսուի, ան առաջինը կը մտաբերէ «Ամէնէն առաջ կը յիշեմ Փօլ Պաղտատլեանը, Ատիս Հարմանտեանը, ասոնք մշտական իմ մտքիս մէջ են, կայ նաեւ Յարութ Փամպուքճեանը»: 

Իսկ  այն երեւոյթին մասին, որ մեր ժողովուրդը կը սիրէ օտար երգեր աւելի լսել Զաքարեան ըսաւ, թէ ներկայիս ան միշտ նոր երգեր կ'արտադրէ, որ գրաւէ ներկայ սերունդին ուշադրութիւնը՝ «իմ հովանաւորութեամբ հանդէս եկող նոր  անունները ելոյթ կ'ունենան բոլորովին նոր   երգերով եւ ոչ թէ հին երգեր կատարելով:» Ան ի մասնաւորի յիշեց Սարգիս Քէլ Խաչերեանը, որ բոլոր նոր երգերու բառերուն հեղինակն է, նաեւ երգերը արձանագրող Երեւանի մէջ՝ Յովիկ Ատուրեանը եւ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Խաչիկ Մալխասեանը: 

Զաքարեան նոր տարուան առթիւ շնորհաւորեց իր հայրենակիցները ըլլայ Հայաստանի եւ ըլլայ Սփիւռքի մէջ՝«Գիտենք կեանքը դժուարացած է ընդհանրապէս, իսկ հայերուն համար մասնաւորապէս, անոնք կը  չարչարուին թէ՛ նիւթական, թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ազգային առումներով, որովհետեւ մտահոգ են ապագայով: Բայց մտահոգուելով ու նեղուելով տեղ չենք հասնիր, պէտք է մեր տրամադրութիւնը բարձր պահենք որքան որ կրնանք: Մարդ ենք պիտի ընդունինք ամէն ինչ, մինչեւ մեր հարցը լուծուի, ինչ որ ինծի համար անկարելի կը թուի, որովհետեւ մեր ղեկավարները չեն կրնար միասնաբար քով քովի գալով աշխատիլ ու լուծումներ գտնել, համաձայնութիւն պէտք է ըլլայ, կը բաւէ հակառակութիւն իրար հանդէպ: Բոլոր միութիւնները, կուսակցութիւնները պէտք է միանան: Պէտք է նախ հայ ըլլալ, ինծի երբեմն կը հարցնեն դուն ո՞ր կուսակցութենէն ես, կը պատասխանեմ ես հայ եմ, մոռցէք այլեւս այս տարանջատող հարցերը: Հայերս միասնաբար աշխատելով միայն կրնանք տեղ հասնիլ»:    

 

    Նշենք, որ անցնող  16 Դեկտեմբերին,  Պէյրութի  հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի  Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է մանկական երգահանդէս մը Կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան տօներու ընդառաջ, Զաքարեանի անունով հովանաւորուած: