1.Իչպէ՞ս տառադարձել մարոնիներու պատրիարքին անունը, որ արաբերէն راعي է:
Որ կը ձեւացնէ արտասանուիլ երեք հնչիւնով եւ կը գրուի չորս տառով:
Մեր մէջ տարածուած են Ռաի, Ռայի, Ռահի ձեւերը, որոնցմէ ոչ մէկը ճիշդ կը վերարտադրէ այդ անունը:
Այս առթիւ յիշատակեմ լատինատառ տառադարձութիւնները եւս՝ Raï, Rahi:
Շատ կը զարմացնէ զիս այս վերջինը, որուն հետեւողութեամբ մեզմէ ոմանք կը գրեն Ռահի:
Rahi եւ Ռահի շատ հեռու են բնօրինակէն, որ «հ» հնչիւնն ու տառը չունի:
Արաբական արտասանութեան բոլորովին անվարժ եւրոպացին կրնայ Rahi արտասանել, սակայն որեւէ արեւմտահայ, գոնէ տարրական արաբերէնին տեղեակ, Ռահի չ’արտասաներ:
Շատ աւելի հարազատ է Raï, որ իր կարգին մօտաւորապէս կը թելադրէ մեր Ռաի-ն: Միայն նկատել տանք, որ ասոնք կազմուած են երեքական հնչիւններէ, մինչ արաբերէն բնօրինակը ունի, ինչպէս տեսանք, չորս տառ: Այլ խօսքով՝ ասոնք եւս թերի են:
Մեր Ռայի-ն իր կարգին թերի է, թերի է, քանի վերջընթեր տառը այստեղ «յ» է, մինչ բնօրինակին մէջ ع է, եւ ասոնք նոյն հնչիւնները չեն նշեր: Միւս կողմէ՝ այս վերջինը՝ ع , նշող տառ չունի հայերէնը, այլ հարց, թէ արդի հայը դիւրաւ կ’արտասանէ զայն:
Ո՞ւր է լուծումը:
Ցաւալի է նկատել, որ օրին մտածուած չէ լուծում մը տալ արաբերէնի յատուկ եւ հայերէնին պակսող տառերու յարուցած հարցին, եւ ինչպէս տեսանք, տրուած են տնայնագործական ու թերի լուծումներ: Այդպէս եկած է, այդպէս ալ...կ’երթայ, իսկ մերինին պէս փոքրիկ գաղութի մը մէջ տեղական այդ անունը կը գրուի երեք տարբեր ձեւերով:
Ոչ մէկ խմբագիր կը հեռաձայնէ միւսին՝ ի խնդիր հաւաքական լուծումի մը:
Իտէալ ու բաեխիղճ լուծումը պիտի ըլլար մեզի պակսող այդ տառին գրադարձական միջազգային համարժէքը, որ աջահայեաց ապաթարց մըն է. այսինքն՝ ع միջազգային գրարձութեամբ կը գրուի ‘ եւ ուրեմն ամբողջ բառը պիտի տայ՝ Ռա‘ի. ա՛յս է իտէալ ձեւը այդ անունը գրելու եւ ա՛յս է, որ հարազատօրէն կը վերարտադրէ բնագիրը:
* * *
Շատ աւելի թերի կը տառադարձենք յայտնի գործիչ Samir Geagea-ի անունը՝ جعجع , որուն դիմաց հակամէտ ենք դնելու Ժահժահ, Ժաաժա, Ժաժա եւ այլն: Ասոնց չորսն ալ,− ֆրանսականը իր կարգին,− թերի ու սխալ են:
Ճիշդ տառադարձութիւնը, ըստ վերը տուած բացատրութեան, պիտի ըլլար՝ Ժա‘ժա‘ : Ֆրանսերէնի պարագային՝ Gea‘gea‘ [1]:
2.Մեղր-մեղու
Մեղրը շատ վաղուց ծանօթ եղած է Հայկական բարձրաւանդակին ու հայ ժողովուրդին, սակայն ահա մեր լեզուն խոր անցեալին չէ ունեցած անունը այդ մեղրը արտադրող միջատին, որ ներկայիս մեղու կը կոչենք:
Եւ ան կոչուած է «ճանճ մեղու»:
Ճանճ-ը այս պարագային ունեցած է աւելի ընդարձակ նշանակութիւն մը, քան թէ ունի այսօր, այլ խօսքով՝ ան բնորոշած է միջատներու լայն ցանց մը, մինչ այսօր ան կը նշանակէ միջատներու շատ նեղ ցեղ մը միայն:
Իսկ մեղու՝ սա պարզապէս մեղր գոյականին սեռական հոլովն է. մի՛ զարմանաք, ահա ուրիշ օրինակներ նոյն կաղապարով՝ բարձր-բարձու, թանձր-թանձու, ծաղր-ծաղու եւ այլն:
Ուրեմն ճանճ մեղու կը նշանակէր «մեղրի ճանճ»:
«Նոր հայկազեան»-ը ունի «մեղրագործ ճանճ» գեղեցիկ բառակապակցութիւնը:
Ժամանակին հետ այդ կապակցութիւնը կորսնցուցած է իր առաջին եզրը, եւ մնացած է մեղու առանձին եւ առանձինն ալ բնորոշած է երբեմնի մեղրաճանճ-ը:
Իսկ թէ այս փոխանցումը կամ վերածումը ճիշդ ե՞րբ տեղի ունեցած է,− չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ որեւէ աղբիւր չունիմ ձեռքիս տակ:
Մեր զարմանալի ու սիրելի հայերէնն է այս, եւ հազարամեակներ այս հայերէնով խօսած են մեր նախնիները՝ արամբք եւ կանամբք, ծերովք եւ տղայովք, եւ ամենայն չափու հասակի հաւատով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջեցելովք:
Փակենք այս հատուածը պիծակ բառով, որ մեղուի մեղր չարտադրող տեսակն է:
3. Լիբանանի ֆրանսալեզու թերթերէն մէկը վերջերս գրած է.
«Nabih Berry vient de sortir une nouvelle formule de son chapeau»:
Որուն բառացի թարգմանութիւնը կու տայ.
«Նապիհ Պրրի նոր բանաձեւ մը հանեց գլխարկէն»:
Եւ մեր թերթերէն ոմանք այսպէս, բառացի ալ հրատարակեցին զայն:
Կը մնայ երեւակայել, թէ ճիշդ ի՛նչ հասկցան նախ իրենք՝ այդ հրատարակող թերթերը, եւ ապա արեւմտահայ ընթերցողը՝ այս առեղծուածային դարձուածքէն, որ...ոչինչ կ’ըսէ հայուն, որքան ալ հնարամիտ ըլլայ ան: Հարցը հնարամտութեան հետ կապ ալ չունի, քանի դարձուածքներուն մէջ բառերը կը վերիմաստաւորուին, այլ խօսքով՝ կը ստանան իրենց բառարանային նշանակութենէն բոլորովին տարբեր՝ աննախատեսելի նշանակութիւն մը, որ ծանօթ է միայն տուեալ դարձուածքը հնարող ժողովուրդին:
Մանաւանդ որ, Նապիհ Պրրին ոչ մէկ ատեն...գլխարկ կրած է:
Հապա ի՞նչ էր այս անգոյ գլխարկին տակէն հանուածը:
Իրողութիւնը այն է, որ այդ վերը նշուածը ոչ մէկ կապ ունի գլխարկի, ոչ ալ անոր տակը պահուած այլ առարկայի հետ: Ան պարզապէս կը նշանակէ՝ «անակնկալ լուծում մը տալ տիրող անել կացութեան»:
Որ այս պարագային՝ կը վերաբերի դահլիճ մը կազմելու:
Որ այնպէս ալ...կարելի չեղաւ կազմել:
* * *
Այս ալ իր կարգին մեզ տարաւ ուրիշ դարձուածքի մը, որուն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ տասամեակներ առաջ: Ակնարկելով երկրաշարժի մը հետեւանքներուն՝ հայ (անշուշտ՝ անխուսափելիօրէն արեւմտահայ) քաջարի թղթակիցը կը տեղեկագրէր. «Շէնքերու պատերուն վրայ մողէզներ երեւցան»:
Սա թարգմանութիւնն է ֆրանսերէն… lézarde բառին, որ կը նշանակէ ճեղք,− որ պատին վրայ կը գոյանայ ցնցումի հետեւանքով,− իսկ մեր հայրենակիցը զայն շփոթած է lézard-ով, որ կը նշանակէ... մողէզ:
Մրցոյթ 28.
*** Ազատութիւնը սփիւռքի մէջ շատ աւելի հայ կոտորեց, քան... (շարունակէ՛ ասոյթը):
---Ազատութիւնը սփիւռքի մէջ շատ աւելի հայ կոտորեց, քան բռն(ատիր)ութիւնը հայրենիքի մէջ:
***Հետեւեալներէն իւրաքանչիւրին մէջ կայ գոնէ մէկ անտեղի յոգնակի. ընդգծէ՛ զանոնք:
---Միշտ ներկայ կ՚ըլլայի պատարագին՝ նախանձելով ընկերներուս, որոնք, գունաւոր պարեգօտներ հագած, շարականներ կ’երգէին դասին մէջ:
---Այժմ ռազմակայաններէն պիտի կարենան թռիչքներ կատարել բոլոր տեսակի օդանաւերը:
---Ծովափերու կապելաներու նուագողները սովորաբար յոյներ կ’ըլլային:
---Յաճախորդները պիտի չուզէին իրենց դրամները կասկածելի մարդոց յանձնել:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Մանուէլ Ֆարաճեան (7), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (7), Գէորգ Եազըճեան (8), Ալին Գարակէօզեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (9), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Համո Ապտալեան(9), Համբարձում Յարթունեան (5), Վահէ Աբէլեան(8), Գրիգոր Սիմոնեան (9)
Մրցոյթ 29.
***Տղամարդը կը ցանկայ ըլլալ կնոջ առաջին սէրը, մինչ... (լրացո՛ւր ասոյթը):
***Հետեւեալներուն մէջ կայ գոնէ մէկական բառ, որ իր տեղը չէ:
Գտնել, ընդգծել ու ճիշդ տեղադրել այդպիսիները:
---Ձեռնհասօրէն ցուցասրահէ-ցուցասրահ անցնելով ան կը մեկնաբանէր պատմական արժէք ներկայացնող իրերը:
---Միաժամանակ այս թարգմանութիւնները ընելով՝ ան կը խորանար հին լեզուներու իմացութեան մէջ:
---Բարեբախտաբար ազգային առաջնահերթութիւն ներկայացնող այդ հարցերը ճիշդ ժամանակին մատնանշուեցան:
---Ըստ ամենայնի մեր քաղաքացիական իրաւունքները այդ դժուար օրերուն բարեխղճօրէն կը յարգուէին:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
[1] Իմ ներկայացումիս մէջ իր կարգին կայ թերի մը. աջահայեաց ապաթարցերը, ինչպէս նկատելի է, ստորահայեաց են. անոնց գլուխները վարը կը գտնուին, մինչ ճիշդը՝ պէտք է ըլլայ հակառակը, այսինքն՝ աջահայեաց ապաթարց մը՝ վերահայեաց գլուխով` ճիփ ու ճիշդ հայկական ապաթարցը՝ հայելիին մէջ դիտուած: Համակարգիչս չունի զայն, թերեւս ես չեմ յաջողիր ստանալ: Եթէ բախտով գոյութիւն ունի ան ձեզի համար, ապա կը խնդրեմ տեղեկացնել ինծի: