image

Հայերէնը կը զուարճանայ (171)

Հայերէնը կը զուարճանայ (171)

1. Շնորհաւորենք «Ազատ օր»-ը.

--Հունգարիան կ’արգելափակէ օգնութեան տրամադրումը («Արմէնպրես):

--Հունգարիան կը խափանէ օգնութեան տրամադրումը («Ազատ օր»):

2. Շնորհիւ ... հետեւանքով... պատճառով

Կրնանք արդար գոհունակութեամբ ըսել, որ արեւմտահայ գրողները հեշտութեամբ կը զանազանեն այս երեքին  տարբերութիւնը եւ ճիշդ կը կիրարկեն զանոնք: Այս արդիւնքին հասանք մասնաւորաբար հայր Արսէն Ղազիկեանի ու մանաւանդ Բենիամին Թաշեանի յամառ ու հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ: 

Լոյսերու մէջ ապրի հոգինին, վասնզի արժանի են ատոր:

                                                          *   *   *

Բայց ահա  անկախութենէն ի վեր եւ   յարաբերութեանց  սերտացումին բերումով՝ ուրիշ բան կը նկատենք արեւելահայերէնի մէջ. եւ ո՛չ առաջինը:

Ուրեմն այստեղ  շնորհիւը բնաւ ալ չունի այն նշանակութիւնը, որ մենք կու տանք անոր. Ակադեմիայի քառահատորը հետեւեալ խառնակ հոմանիշներով կը բնորոշէ զայն՝ հետեւանքով, պատճառով, օգնութեամբ:

Իսկ Մալխասեան  կու տայ բնագրային հետեւեալ կիրարկութիւնները.

--Այս բոլոր օգուտներից զրկուեցինք շնորհիւ մեր տգիտութեան:

--Քո շնորհիւ ես նկատողութիւն ստացայ:

Ինչպէս կը նկատենք, ամէն բան գլխիվայր շրջուած է այստեղ:

Անհաւատալի է, որ մեր երկու բարբառները այս քանի մը բառերու առթիւ այսքան անհաղորդ մնացած ըլլան  իրարու եւ   այսքան հեռանան իրարմէ:

Այս բոլորին մէջ պէտք է խնայուած ըլլար գոնէ շնորհիւ-ին՝ նկատի առած այս բառին շնորհ արմատը, որ բոլորիս համար ալ կը նշանակէ յատուկ, բնատուր, թէկուզ աստուածատուր ձիրք, պարգեւ, վայելչութիւն, որոնցմով ընդմիշտ համատեղելի չեն Մալխասեանի  տգիտութիւնն ու նկատողութիւնը, որոնց առաջի-նը կը թելադրէ հետեւանքով, իսկ երկրորդը պատճառով  յետադրութիւնները: 

3. Օրերս աչքիս զարկաւ այլ տարբերութիւն մըն ալ, որ ուղղակի կը զարմացնէ զիս. հետեւեալին առոգանական  նշաններու կէտադրութիւնը.

--«Այդ ահռելի փաստա-վավերագրական նյութը մե՞րը չէ, ազգայի՞ն չէ, ուսումնասիրության ենթակա՞ չէ, դասեր քաղելու աղբյու՞ր չէ («Առաջին լրատուական»): 

 Ուր հայերէնը  պարոյկով կ’օժտէ  «չէ» բայը. սապէս՝

--«Այդ ահռելի փաստա-վավերագրական նիւթը մերը չէ՞, ազգային չէ՞, ուսումնասիրութեան ենթակայ  չէ՞, դասեր քաղելու աղբիւր չէ՞ :  

Նոյնքան այլանդակ են «Հայկական ժամանակ»-ի հետեւեալ օրինակները՝

--«Քաղաքական ռիսկերը ու հետեւանքները հաշվի ա՞ռել են...»:

--«Հաշվի ա՞ռել են, որ էս գործընթացը ողջունում է ԱՄՆ-ն»:

Եւ վերջապէս հետեւեալը.

--Հիմի է՞լ լռենք, եղբարք, հիմի  է՞լ...

4. Շնորհ եւ շնորհք

Գրաբարը ունեցած է շնորհ, որ բազմիմաստ էր:

Ունէր հիմնական հետեւեալ երկու նշանակութիւնները. 

ա) ձրի տրուած պարգեւ, բարիք, ողորմութիւն, ձիրք

Բոլորն ալ վերացական, բարոյական հասկացութիւններ:

Ասոնք  կրնան  տրուած ըլլալ Աստուծմէ կամ մարդոցմէ հաւասարապէս:

բ)  վայելչութիւն, գեղեցկութիւն, բարեձեւութիւն, գրաւչութիւն

Մասնաւանդ ֆիզիքական՝ տեսանելի ու շօշափելի  իւրայատկութիւններ :

Որոնց աղբիւրը Աստուած է կամ բնութիւնը:

                                                                                *   *   *

Գրաբարը կը կիրարկէր նաեւ շնորհք ձեւը՝ իբրեւ յոգնակին առաջինին՝ շնորհ-ին: Եւ անշուշտ պահելով անոր յիշեալ բոլոր  նշանակութիւնները:

Աշխարհաբարի մէջ բառս երկփեղկուած է:

Բերուած երկու նշանակութիւնները բեւեռացուած են: 

Թէեւ ան կը պահէ  շնորհ եւ շնորհք, սակայն ասոնց երկրորդը այլեւս չ’ըմբռնուիր իբրեւ յոգնակին առաջինին. իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական յոգնակին՝ շնորհներ եւ շնորհքներ:    

ա. Այստեղ    շնորհ-ը կը շարունակէ  նշանակել ձրի պարգեւ, բարիք, ողորմութիւն, ձիրք, ինչպէս է գրաբարի մէջ: Օրինակ՝

--«Աստուածային շնորհ մըն է այս լեզուն մեր ազգին»:

--«Ան օժտուած է  ճիշդ դատելու բնատուր շնորհով մը»:

--«Պարտապաններուն  շնորհ ըրաւ անոնց  պարտքերը»:

--«Համայնքը երկար վայելեց անոր շնորհները»:

--«Ամէն պալատական շնորհ մը կ’ակնկալէր նորապսակ արքայէն»:

բ. Իսկ շնորհք կը նշանակէ վայելչութիւն, գեղեցկութիւն, բարեձեւութիւն, գրաւչութիւն, հրապոյր՝ բոլորն ալ տեսանելի, շօշափելի, նիւթականացած յատկութիւններ: Օրինակ՝ 

--«Մազը կտրելէն ետք վրան շնորհք մը եկաւ»:

--«Այս հագուստը իրեն  տարբեր շնորհք մը տուաւ»:

--«Շատ անշնորհք մարդ մըն է. հագ ու կապը  բնաւ հոգ չ’ըներ»:

--«Կրած երկարատեւ  զրկանքները աւերեցին անոր կանացի շնորհքը»:

--«Քիչ մը շնորհք դիր խօսքիդ մէջ»:

Ծանօթ.— Բառավերջի «հ» հնչիւնը վտանգուած է. արդի հայը հակում ունի ջնջելու զայն  «ր» բաղաձայնյն ետք՝  «շնորք»:

  5.Սփիւռքահայ մամուլի էջերէն  մէկուն  կը գտնենք հետեւեալը. 

--«Հանդիպումի աւարտին Թաթար  յիշարժան նուէր  յանձնած է Ալիեւին»:

Հետաքրքրական է, թէ այս չնաշխարհիկ տեղեկութիւնը  տուողը ո՞ւր սորված է  հայերէնը,  ո՞ւր հանդիպած է «յիշարժան նուէր» բառակապակցութեան:

Ունինք շատ գեղեցիկ յուշանուէր-ը՝ այնքան զուսպ, գողտրիկ, ըստ ամենայնի բարեհունչ ու հանրօրէն ծանօթ:

Մրցոյթ 168.

***Գտի՛ր եւ ուղղէ՛ քերականական սխալը.

--- Բնիկ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանական արշաւները,— կը թուի թէ,— սովորական դարձած են մեր օրերուն։

(Կը թուի, թէ բնիկ ժողովուրդներու  դէմ ցեղասպանական արշաւները սովո-րական դարձած են մեր օրերուն):

(Բնիկ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանական արշաւները սովորական դարձած ըլլալ կը թուին մեր օրերուն):

***Ճի՛շդ կիրարկէ առոգանութեան նշանները:

---Հիմի՞ էլ լռենք, եղբա՛րք, հիմի՞ էլ...:

***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Փրոֆեսորը անձամբ կը վկայէր  Ափրիկէի տարածքին մեր  աշխատանքին տարողութիւնը:

***Սրբագրէ՛ լրատուական հետեւեալ սխալը.

---Ռուսիա  Ալեն Սիմոնեանէն  բացատրութիւններ կը պահանջէ անոր  վերջին յայտարարութիւններուն համար:

***Հայեցի շնորհք   տո՛ւր  հետեւեալ բառակոյտին.

---Ալեք Փիլիպոս վարժարանը  54-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին 400.000 տոլար գոյացուց:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ եազըճեան (10),  Վարդի Դանիէլեան (8), Լիւսի Տէօքմեճեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (4,5), Համբարձում Յարթունեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (5), Վահէ Աբէլեան (4):

Մրցոյթ 169.

***Հետեւեալ երկուքէն մէկը տրամաբանական խօսք չէ. ջնջէ՛ զայն.

---Այստեղ անխառն հայերէն կը խօսին, թէպէտ բազմաթիւ լեզուներ գիտեն:

---Այստեղ հայերէն կը խօսին, թէպէտ բազմաթիւ լեզուներ գիտեն:

***Կէտերը փոխարինէ եւ, ու  շաղկապներով:

---Գիրքդ... տետրակդ ա՛ռ... պարտէ՛զ գնա, հոն հանգիստ  մը կարդա՛... գրէ՛:

---Դաշտ .....այգի դեղին հագան, .....ծառ ..... ծաղիկ մերկացան:

***Վերաշարադասէ՛ առանց որեւէ բառ աւելցնելու, զեղչելու կամ փոխելու:

---Այս  գործողութիւնները  կապում է այն ճանապարհի ընտրութ -եան հետ, որով այժմ գնում է Հայաստանը։ 

 ***Հետեւեալին մէջ կը գտնուի անճիշդ բառ մը. սրբագրէ զայն.

---Այդ թուականին պաշտօնեան ու գործաւորը ստացան իրենց իրաւունքները առողջութեան,  կրթական եւ ընկերրային ապահովութեան մէջ:

***Ըստ ճաշակիդ վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.

---Կաթողիկոսը հայրապետական պաշտօնագիրի մը միջոցով իր օրհնութիւնը տուաւ ժողովական անդամներուն: 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com