Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին: Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ան ըսած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին հանդիպման քննարկած է այդ հարցերը, գրած է Anadolu գործակալութիւնը:
«Հարաւային Կովկասի մեր ընդհանուր տեսլականը հիմնուած է խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման վրայ։ Սահմաններու սահմանազատումը, Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու միջեւ հաղորդակցութեան բացումը եւ (Հայաստանի հետ) խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը կարեւոր քայլեր պիտի ըլլան, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման։ Տարիներ անց տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հնարաւորութիւն ստեղծուած է, եւ ատոր համար պէտք էր մեծ գին վճարել»,-ըսած է Էրտողան։
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը պիտի օգտուի այս պատմական հնարաւորութենէն։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացը, անկասկած, դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ»,-ըսած է Թուրքիոյ ղեկավար։