image

Հայաստանի ԶՈւ հետախուզութեան նախկին պետը կալանաւորուեցաւ

Հայաստանի ԶՈւ հետախուզութեան նախկին պետը կալանաւորուեցաւ

Կալանաւորուած է Հայաստանի Զինուած Ուժերու հետախուզութեան նախկին պետը: Լուրը Tert.am-ին հաստատած են Գլխաւոր դատախազութենէն:

Կալանաւորուողը 2-րդ բանակային զօրախումբի նախկին հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանն է՝ 2021 թուականի մայիսին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու Գեղարքունիք ներթափանցելու քրէական գործով մեղադրեալը։

Աւելի վաղ Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած էր, որ հրամանատարներէն մէկու անգործութեան պատճառով ատրպէյճանցի զինուորականները կարողացած են հատել Գեղարքունիքի սահմանը եւ մարտական դիրքեր հաստատել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ։