image

Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ «Արծիւ Գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը

Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ «Արծիւ Գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը

Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջածիրէն ներս օգոստոս 12-20-ը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի կայանայ «ԱՐԾԻՒ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ-2025» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութիւնը, յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Զօրավարժութեան ներգրաւուած պիտի ըլլան ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ ջոկատի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային պահակագունդի զինծառայողները:

Զօրավարժութիւնը կ՚ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու նախապատրաստում եւ իրականացում՝ բժշկական տարհանման ընթացակարգերու շեշտադրմամբ:

Զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջածիրէն ներս, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ բարձրացնել ՀՀ ԶՈՒ խաղաղապահ ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը:

Խաղաղապահ առաքելութիւններու նախապատրաստութեան շրջածիրէն ներս միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու համար նախապատրաստուող ստորաբաժանումները պարբերաբար կը մասնակցին նմանօրինակ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու գործընկեր երկիրներու մէջ: