image

Հայ պատանի բռնցքամարտիկները Թուրքիոյ մէջ յաղթած են ատրպէյճանցի մրցակիցներուն (Տեսանիւթ)

Հայ պատանի բռնցքամարտիկները Թուրքիոյ մէջ յաղթած են ատրպէյճանցի մրցակիցներուն (Տեսանիւթ)

Բռնցքամարտի Հայաստանի ներկայացուցիչներ Վահրամ Տովլաթբեկեանն ու Համեստ Աֆրիկեանը Թուրքիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի մինչեւ 15 տարեկաններու առաջնութեան յաղթած են ատրպէյճանցի մրցակիցներուն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերացիան։

42 քկ քաշային Համեստ Աֆրիկեանը երկու անգամ նաք աութի ենթարկելով իր մրցակիցը, արձանագրած է 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:

Նոյնքան համոզիչ յաղթանակ տարած է Վահրամ Տովլաթբեկեանը։

Յիշեցնենք, որ օգոստոս 10-21-ը Թուրքիոյ մէջ կայացող Եւրոպայի պատանիներու առաջնութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն 15 տղաներ եւ 5 աղջիկներ: