Օրերս իր հիմնադրութեան 175-ամեակը բոլորեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի «Անարատ յղութեան քոյրեր»ու միաբանութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ դիմատետրի օգտատէր Սթիվըն Յովակիմեանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Հիմնադրութեան 175-ամեակն է։
Միաբանութեան գործունէութիւնը սկիզբ առաւ 5 յունիս 1843-ին Կոստանդնուպոլսոյ անշուք տնակի մը մէջ, 12 աղքատ երեխաներով։ Չորս տարիներ ետք՝ 1847-ին, պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ ու այդ օրէն իսկ ծաւալեց իր գործունէութիւնը նախ՝ Կոստանդնուպոլիս և ապա գաւառներու մէջ։
1915-ի եղեռնը սակայն բնաջինջ ըրաւ նաեւ Միաբանութիւնը ու Եղեռնի զոհ դարձան 13 քոյրեր մինչ աքսորի ճամբան առին 40-է աւելի անդամներ: Այսպէս, Քոյրերը բաժնեկից եղան իրենց ժողովուրդի դժբախտ ճակատագրին։ Իր գաղթական ժողովուրդին հետ Միաբանութիւնն ալ հաստատուեցաւ Սփիւռքի տարբեր քաղաքներու մէջ Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ և հուսկ Հայաստան՝ շարունակելու համար իր առաքելութիւնը որ է կրօնաբարոյական դաստիարակութիւն ջամբել հայ նոր սերունդին։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը եւ իր միաբանակիցները՝ հիմնադրութեան 175-ամեակին առթիւ, բարեմաղթելով բոլորին պայծառութիւն, ինքնանուիրումի ու առաքելական կեանքի բեղուն տարիներ։