Ամերիկահայ հանրայայտ կազմակերպիչ Հրայր Զաքարեան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Ան օրերս հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ մը, որուն հիմքով ալ նեցուկ պիտի կանգնի երգարուեստի աշխարհէն ներս մուտք գործող նորայայտ անուններու։
«Արեւելք»ին պատմելով իր նոր ծարգիրներուն մասին Հրայր Զաքարեան մասնաւորապէս նշեց, թէ «Այսօրուան դրութեամբ կը նկատեմ տխուր երեւոյթ մը, եւ այդ ալ կապ ունի նորահաս սերունդին կողմէ հայ երգարուեստի եւ երաժշտութեան հանդէպ ամէն օր աճող անտարբերութիւնն է։ Այդ առումով ալ նպատակ մը դրի դիմացս, որն է ամէն ինչ ընել, որ մեր երգարուեստով կաթիլ մը հետաքրքրութիւն ունեցող նոր անուններ ուղղակիօրէն կապուին արուեստին եւ մտածեն միայն ստեղծագործութեան մասին»։
Զաքարեան նաեւ կը նշէ, որ յառաջիկային պիտի յայտարարուին այն տաս անունները, որոնք իր ծրագրի առաջին փուլով պէտք եղած նեցուկը պիտի ստանան եւ ծառայեն մեր ժողովուրդին, անշուշտ երգարուեստի ճանապարհով։
Կը նշուի նաեւ, որ Զաքարեանի նոր ծրագիրներուն հիմնական առանցքը՝ Պէյրութն է, ուր արդէն իր հովանաւորութեամբ կը գործեն երկու առցանց հարթակի ռատիօկայաններ։
Մեր հետ իր ունեցած զրոյցի աւարտին Զաքարեան վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ իր երթը եւ կարելի բոլոր միջոցներով նեցուկ կանգնի նոր սերունդին։ «Զիս հայ երգիչներու բազուկ կոչած են, եւ այդ կոչումը ինծի տուած է Radio Starz կայանի ղեկավար կազմը, ու ես պարտաւոր եմ տէրը ըլլալ այդ կարեւոր եւ նուիրական կոչումին», եզրափակեց Հրայր Զաքարեան։