image

Հաւրէսքի մէջ արարողութիւն. Տարի մը առաջ վախճանած երիտասարդ քահանայի յիշատակին

   Հաւրէսքի մէջ արարողութիւն. Տարի մը առաջ  վախճանած   երիտասարդ  քահանայի  յիշատակին

Իրաքեան քիւրտիստանի Հաւրէզք   շրջանի  մեր հայրենակիցները պիտի    ոգեկոչեն տարի մը առաջ   անակնկալ մահով իր աչքերը յաւեին փակած Արժ. Տ. Տիրան քհնյ.  Սարգիսեանի  յիշատակը։

 

 Այս մասին  «Արեւելք» կը կարդայ  Հաւրէզք շրջանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած է՝ 

 

 

  «Ես եմ յարությիւնը   եւ կեանքը,  ան որ կը  հաւատայ ինծի,  թէկուզ եւ մահանայ յաւիտեան  պիտի ապրի»

 

   Արժանապատիւ Հոգեւոր եղբայրներ , յարգարաժան Ազգայն Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համայնքներու  թաղական Խորհուրդի Ատենապետ ու անդամներ , սիրելի հարազատ զաւակներ . Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՜ Հոգեշնորհ Տէր Օշական Վրդ . Կիւլկիւլեանի նախագահութեամբ Հաւրէսք  Գիւղի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ  պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ Պատարագ ,  որմէ  ետք Հոգեհանգստեան Պաշտօն պիտի կատարուի  ի յիշատակ   տարի մը առաջ մեզմէ յաւերժ  հեռացած Հանգուցեալ՜ Հաւրէսք եւ Ազրուկ Գիւղի Հոգեւոր Հովիւ , Երջանկայիտակ Տէր Տիրան Խաչակիր Քհնյ Սարգիսեանի։

 Արարողութիւնը պիտի   կատարուի  , Ուրբաթ 27 Յունուար 2023-ին , առաւօտեան  ժամը տասին , իսկ աւարտին ալ  պիտի կայացուի  Տէր Հօր Գերեզմանի Օրհնութիւն։