Կասկածէ վեր է, որ անցնող տարին եղաւ մեծ փոփոխութիւններու տարի: Մինչ անցնող երեք- չորս տարիները նշանաւորուեցան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններով եւ ապա այդ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակներով, ապա 2018 տարին դարձաւ գերազանցօրէն Հայաստանի տարի։
2015 Թուականին հիմնուած «Արեւելք»-ը , շնորհիւ իր անձնակազմին եւ ցանցային աղբիւրներու ճիգերուն կարողացաւ դառնալ վստահելի եւ բոլորին կողմէ յարգուած լրատուական հարթակ մը, որուն հիմնական նպատակն էր ընթերցողին փոխանցել այն ինչ որ ճիշդ է, ստուգուած եւ հաւաստի:
Սուրիոյ եւ յատկապէս սուրիահայութեան սիրտ համարուող ՝ Հալէպ քաղաքի մասին մեր ունեցած տուեալներն ու լուրերը տարբեր առիթներով մէջբերուեցան միջազգային մեծ վարկ ունեցող լրատուական ծառայութիւններու կողմէ:
Գալով 2018 տարուան ապա յստակ դարձաւ, որ աշխարհասփիւռ հայութեան համար ամենահիմնական զարգացումները տեղի ունեցան Մայր Հայաստանի մէջ: Ոչ միայն հայկական ԶԼՄ-ները, այլ համաշխարհային lլրատուական եւ վերլուծական «Թինք թէնք» կեդրոններ, իրենց լրահոսի գլխաւոր տեղերը շնորհեցին Հայաստանի զարգացումներուն, միշտ շեշտելով ու վերհանելով, որ հակառակ Հայաստանի տարողունակ եւ «անսպասելի» զարգացումներուն իշխանափոխութիւնը անցաւ խաղաղ եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ:
«Արեւելք» եւս հետեւեցաւ այդ իրադարձութիւններուն, չմոռնալով իր ուշադրութեան գլխաւոր կիզակէտը, որն էր Մերձաւոր Արեւելքի մեծ աւազանը, ուր ցայսօր ալ կը շարունակէ փափախել սփիւռքի հայութեան սրտի կարեւոր բազկերակը:
Այս բոլորէն անդին հարկ կը համարենք նշել, որ «Արեւելք» երբեք ալ չմտաւ դեղին մամուլին կողմէ տարուած պայքարներուն մէջ:
Ատելութիւն չհրահրեց, անուանարկում չկատարեց, վիրաւորանք չհասցուց, այլ շարունակեց մնալ հայկական աշխարհի եւ մանաւանդ սփիւռքի հայութեան մեծ ու փոքր խնդիրները վերհանող լրատուական հարթակ մը:
Մեր մօտ քիչ եղան վերլուծումները եւ տեղ տուինք այլակարծութեան: Մեր մօտ լոյսին տրուեցան պաշտօնական հանդիպումներուն, այցելութիւններուն եւ միջոցառումներուն, սակայն հաւատացինք եւ կը շարունակենք հաւատալ, որ մեզի համար հիմնական «աստղ»ը կը շարունակէ մնալ հայ մարդը:
Պէյրութէն ՝ Պոլիս եւ Հալէպէն Երուսաղէմ մեզի յուզողը, մեր լրատուութիւններուն գլխաւոր հերոսը դարձաւ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ, իր տագնապներով, հոգսերով եւ ինքնութեան համար տարած պայքարով:
Այսօր ալ նոյնն է եւ նոյն ոգիով ալ պիտի շարունակենք մեր գործը, հաւատալով,որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները կ'ունեան տրամաբանական աւարտ,միաւորելով, իմ մի բերելով եւ մէկ դրօշակի շուրջ հաւաքելով հայութեան ամենատարբեր շերտերը:
Ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը մնանք հաւատացող, որ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքով մէկ տարածուած հայութեան ամենակարեւոր եւ հիմնարար կռուանը պիտի շարունակէ մնալ հզօր, ինքնիշխան եւ մեր երկիրը նոր պսակումներու առաջնորդող արդար եւ լիարժէք պետական համակարգ ՝հայոց պետականութիւնը:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ: