ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հնարաւորութիւն կ'ունենայ կրկին հեռախօսազրոյց ունենալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ։
«Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով քարտուղարի օգնական Քարըն Տոնֆրիտը նոյնպէս առաջատար դեր կը խաղայ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ: Մենք կը շարունակենք անոնց հաւատարիմ մնալ ապագային», - նշած է Փրայս։