image

Հարցաքննութիւն եւ դրամի առգրաւում. Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի «ստեղծած» տագնապը

 Հարցաքննութիւն եւ դրամի առգրաւում. Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի «ստեղծած» տագնապը

 Հայֆայի մէջ Մարոնիներու Պատրիարքի ընդհանուր ներկայացուցիչ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին հետ տեղի ունեցածը նոր տագնապի մը դուռ բացած է Լիբանանի մէջ։

 Խնդիրն այն է, որ մարոնի կրօնական գործիչը Հայֆայէն իր վերադարձին աւելի քան 5 ժամ հարցաքննուած է ու ապա ազատ արձակուած։ Հարցաքննութեան ընթացքին Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ուժեր առգրաւած են սրբազանի անձագիրը, ինչպէս նաեւ անոր մօտ գտնուող շուրջ 500 հազար ամն տոլարն ու տասեակ պայուսակներու մէջ դէպի Լիբանան տարուող մեծ քանակութեամբ դեղորայքը։

 

 Դէպքէն  անմիջապէս ետք մասնաւորապէս քրիստոնաէական շրջանակներ, գլխաւորութեամբ մարոնի եկեղեցւոյ պետ Մար Պշարա Պութրոս Ալ Ռահիին անընդունելի համարած են եղածը եւ պատկան մարմիններէն պահանջած արագօրէն Հաժին վերադարձնել անձագիրը, խոշորաչափ գումարը եւ դեղերը, բայց եւ այնպէս պատկան մարմիններ մերժած են իրենց ներկայացուած պահանջը։

 

 

 Իր կարգին Ռահի Պատրիարք, որ կիրակի օրուայ իր քարոզին մէջ անդրադարձած է պատահարին նկատել տուած է, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը իր սովորական այցով Լիբանան կը հասնէր եւ հաւաքուած օժանդակութիւնները պիտի ուղղուէին բոլոր համայնքներուն պատկանող կարիքաւոր ընտանիքներու։

 Նոյն ծիրին մէջ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլա , որ օրերս տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խնդրին մասին խօսեցաւ նկատել տուաւ, որ նման կացութեան մը պարագային վերջին խօսքը իրաւապահ մարմիններուն է եւ իրենք կապ մը չունին եղածին հետ։

 

 «Արեւելք»ի Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ըստ լիբանանեան կանոններուն Իսրայէլէն իրերու կամ գումարի դէպի Լիբանան մուտք գործելը բացառապէս արգիլուած է, այնքան ժամանակ, որ Իսրայէլ կը համարուի թշնամի երկիր մը։

Բարդ խնդիր է անշուշտ   տեղի ունեցածը, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք երկրին մէջ տիրող դրութիւնը, ներ-համայնքային լարուածութիւնը ու նաեւ քաղաքական բաւականին մշուշոտ պատկերը։ Այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել վերջին ժամանակներուն Պքէրքէի կեցուածքները, որ գլխաւորութեամբ Ռահի Պատրիարքին ծանր մեղադրանքներ կը ներկայացնէ «Հըզպալլա»ին ու յաճախ ալ հանդէս կու գայ Լիբանանի մէջ առկայ տարակարծութիւնները միջազգային համաժողովի մը ճամբով լուծելու առաջարկով. առաջարկ մը, որ մեծ հաշուով անընդունելի կը համարուի շիիթ համայնքին կողմէ նկատի առնելով նաեւ, որ ըստ նոյն շիիթներուն այդպիսի առաջարկի մը ետին կը կանգնին «արեւմտեան պլոք»ն ու սիւննի տէրութիւնները, որոնց գլխաւոր թիրախը «Հըզպալլա»ի ռազմական ուժն ու քաղաքական ներկայութիւնը կամ ազդեցութիւնը թուլացնելն է։ 

 

 Ճիշդ է, որ ներկայիս Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը կը գտնուի ազատութեան մէջ, բայց եւ այնպէս թեմային շուրջ ընթացք առած յայտարարութիւնները եւ այդ յայտարարութիւններու հակադարձումները աւելիով կը բարդացնեն առանց անոր ալ տարբեր առումներով նեղ կացութեան հասած Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր տեսարանը։

 

 Յիշեցնենք նաեւ, որ Լիբանան կը գոյատեւէ առանց կառավարութեան ու ապագային սահմանադրական դրութիւնը աւելիով պիտի վատթարանայ, երբ աւարտին կը հասնի երկրի նախագահ՝ զօր. Միշէլ Աունի նստաշրջանը։

 

 Այս բոլորին մէջ ուշագրաւն այն է, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը առաջին անգամը չէ, որ նման այց մը կատարէ, բայց եւ այնպէս ներքին պրիսմակին մէջ առկայ լարուածութիւնը պատճառ դարձած են, որ ընդհանուր անվտանգութեան մարմիններ, անշուշտ օրէնքին վրայ յենուելով նման քայլերու երթան, որ ամէն պարագայի կը համարուի եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական գործիչի մը վարկը հարուածելու ի սպառ փորձեր։

 

Լուրը՝  համադրաբար ՝ «Արեւելք»