Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Հաքան Ֆիտանը շնորհաւորած է նշանակման կապակցութեամբ ու հրաւիրած է Պաքու։
Ֆիտան շնորհակալութիւն յայտնած է Պայրամովին «շնորհաւորանքի եւ բարի խօսքերու համար ու սիրով ընդունած» հրաւէրը։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները գրած են, որ պաշտօնեաները հեռախօսազրոյց ունեցած են։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու միջեւ «եղբայրական, բարեկամական ու ռազմավարական գործընկերութեան տարբեր երեսներու, տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ»։