image

ՀԱՊԿ խաղաղապահներու գլխաւոր առաջադրանքը ի՞նչ է

ՀԱՊԿ խաղաղապահներու գլխաւոր առաջադրանքը ի՞նչ է

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյցներու ընթացքին եկած են որոշման, որ ՀԱՊԿ խաղաղապահներու գլխաւոր առաջադրանքը Ղազախստանի մէջ արտաքին միջամտութիւնը թոյլ չտալն է:

Այս մասին կը յայտնէ Պելառուսիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը: Ղազախստանցիները իրենք պէտք է ինքնուրոյն լուծեն իրենց ներքին խնդիրները, ընդգած են մամուլի ծառայութենէն:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Ալմա Աաթյի մէջ վայրէջք կատարած է Ռուսաստանի ռազմատիեզերական ուժերու Իլ-76 օդանաւերը, որոնք զինուորականներ եւ ռազմաթեքնինքական սարքեր կը տեղափոխեն:

Հայաստանը 100 զինուոր ուղարկած է Ղազախստան՝ ՀԱՊԿ խաղաղապահների կազմին մէջ: