image

«Համաս»ի ոչնչացումը պահանջելը, այլեւս իրատեսական չէ

«Համաս»ի ոչնչացումը պահանջելը, այլեւս  իրատեսական չէ

Տակաւին յստակ չէ, որ Իսրայէլի յաջորդ կառավարութեան արծիւները որո՛նք պիտի ըլլան, սակայն պարզ է՝ որեւէ փոփոխութեան կամ նոր կառավարութեան կազմութեան պարագային այժմու ծայրայեղ գործիչները տեղ պիտի չունենան։ Սա, ի հարկէ, մեծ հաշուով Իսրայէլի ներքին հարցն է, սակայն կապ ունի Կազզէի պատերազմի հետեւանքներուն եւ ազդեցութիւններուն հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ աւելի առաջ ալ վերլուծաբաններ մատնանշած են այս պարագան՝ Իսրայէլի առկայ անփառունակ վիճակի պատասխանատուութիւնը վերագրելով ծայրայեղ աջակողմեաններու սխալներուն։ Անոնք ի սկզբանէ սխալ մօտեցումներով հանդէս եկան ու փորձեցին սեփական հասարակութեան մէջ անիրականանալի դրոյթներ արծարծել։ Պաղեստինցիները ի սպառ ջնջելու կը վերաբերի խօսքը, անշուշտ, հասնելով մինչեւ «Համաս»ի ոչնչացումը, ինչ որ անիրատես նպատակակէտ մըն է։

 

Իսրայէլի հասարակութիւնը՝ մասնաւորապէս վերջին հինգ տարիներուն ապրեցաւ ներքին յարձակումներու, թափանցումներու վտանգներու եւ արկածներու վախով։ Ան հասած էր այնպիսի կէտի մը, ուր կը սպասէր Պաղեստինի խնդրի լուծման։ Սա կ՚ըլլար առանց հարց տալու կամ մտածելու, թէ Կազզէի դէմ որեւէ ռազմական գործողութիւն մեծ հաշուով ո՛չ միայն պիտի չծառայէ իր նպատակին, այլ աւելիով պիտի բարդացնէ կացութիւնը։ Այժմ Իսրայէլի բարձրաստիճան պատասխանատուներ արդէն իսկ բացայայտօրէն կը խօսին այս մասին։ Անոնք կը հաստատեն, որ Իսրայէլի բանակը ամիսներէ ի վեր մեծ կորուստներ ունեցած է, սակայն չէ հասած իր նպատակին ու տակաւին ալ պիտի չհասնի։

 

Դաւադրապաշտական տեսութիւններու որոգայթին մէջ մտնել պիտի չըլլայ՝ գրել ու հաստատելը, որ «Համաս» կարծէք կը սպասէր այս ամէն ինչին։ «Համաս»ի լաւ մարզուած զինեալ թեւը շատ լաւ գիտէր, որ Կազզէն դժոխք պիտի դառնայ Իսրայէլի բանակին համար՝ հակառակ անոր Կազզէի վրայ յարձակման, հրթիռակոծումներուն եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած աւերներուն ու մարդասիրական բարդ իրավիճակին։

 

Իսրայէլ ներկայիս հատած է բոլոր մարդկային կարմիր գիծերը։ Ան կը կազմակերպէ սպանդ՝ պատճառ դառնալով տասնեակ հազարաւոր մարդոց զոհուելուն։ Խելացնոր մօտեցումները, արարքներն ու մոխրացած գետին ստեղծելու ուղղեալ Իսրայէլի բանակին վճռակամութիւնը կը հաստատէին, որ ան կը գտնուի շփոթահար վիճակի մը մէջ ու կը փորձէ արեան կարմիրով ներկել ամէն ինչ՝ ծածկելու համար իր նահանջն ու բացթողումները։

 

Աւելի իրատես է արձանագրել՝ «Համաս» այսօր արդէն դարձած է աւելի արմատական, Կազզէի մէջ տիրական ներկայութիւն մըն է, բանակցութիւններու ժամանակ գլխաւոր խօսակից, մասամբ ալ օրակարգ թելադրող։ Անշուշտ, չի բացառուիր, որ այս իրավիճակն ալ յանկարծ փոխուի, խաղը յանկարծ շուռ գայ, «Համաս»ի առաջնորդները հեռանան Կազզէէն, բայց նոյնիսկ այս բոլորը պիտի չնշանակեն, որ Իսրայէլ կարողացած է հասնիլ իր նպատակին։

 

Գալով Իսրայէլի քաղաքական ընդհանուր վիճակին, ապա ակնյայտ է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները առաջուան փայլը չունին։ Անոնց միջեւ կայ փոխադարձ անվստահութիւն մը, որ ամէն օր աւելիով կ՚աճի ու կրնայ տիրական դառնալ երկար ժամանակով։

 

Այս մասին կարելի է յստակ պատկերացում մը կազմել Իսրայէլի «Հաարեց» թերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած վերլուծականով, ուր սեւով սպիտակի վրայ արձանագրուած են այն հանգամանքները, որոնք պատճառ կը դառնան Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ անվստահութեան։ Բաց աստի, արդէն յստակ է, որ Իսրայէլի սխալները մեծապէս ազդած են ԱՄՆ-ի վարչակազմին վրայ։ Նախագահ Ճօ Պայտըն կրնայ այս տարուան ընտրարշաւը կորսնցնել՝ պարզապէս Կազզէի պատերազմին հետեւանքներուն պատճառով։

 

Ըստ «Հաարեց»ին, Իսրայէլի անվտանգութեան կառոյցը համոզուած է, թէ Նեթանիյահուի այժմու կառավարութիւնը երկիրը պիտի տանի համապարփակ բռնկման։

 

Վերլուծաբաններ աւելի առաջ ալ նշած էին, որ վարչապետ Նեթանիյահու ազգային անվտանգութեան նախարար Պին Կվիրի գերին չէ։ Սա թէեւ սխալ, բայց շատ տարածուած ընկալում մըն է։ Իր կարգին, Պին Կվիր այլընտրանք չունի։ Եթէ ան դուրս գայ այժմու իշխանական դաշինքէն, ապա Իսրայէլի պատերազմական կառավարութեան յենարանները պիտի փոքրանան։ Միւս ուժերը պիտի փորձեն անոր հաւանական հեռացումէն օգտուիլ ու շարունկել իրենց ճանապարհը Նեթանիյահուին հետ։ Իսրայէլի գլխաւոր ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ ըսած է, որ հաճոյքով կրնայ ստանձնել Պին Կավիրի պաշտօնը։

 

Նկատելի է նաեւ, որ Նեթանիյահուն կ՚իրականացնէ Պին Կվիրի քաղաքականութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը նաեւ այժմ իր ուզածն է՝ համապարփակ, բազմաճակատ պատերազմ… Թէեւ սա մինչեւ բացարձակ յաղթանակ, սակայն այդ մէկը երբեք պիտի չիրականանայ։ Նեթանիյահու ռազմական առումով անցեալին յայտնի եղած է իր զգուշաւորութեամբ եւ կորուստներէ խուսափումով, սակայն այժմ կտրուկ փոխուած է։ Այս պարագան զերոյացուցած է անոր հասարակական վարկանիշը ու ցնցած ժողովրդական յենարանը։

 

Այս իսկ պատճառով, վերլուծութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնուած է, որ Նեթանիյահու իսլամաց Ռամատան ամսուան ընթացքին կրնայ նոր ծայրայեղութիւններու դիմել։ Թերթը կը շեշտէ, որ Իսրայէլի բանակի աւագները, հանրային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ պետական այլ նման միաւորները այժմ կը բաւարարուին արտայայտելով իրենց առարկութիւնները եւ զգուշացումները։ Անոնք նաեւ կոչ կ՚ուղղեն՝ նախապատրաստուիլ աղէտին: Ըստ վերլուծութեան, սա համազօր է այն բանին, որ անոնք կը դաւաճանեն իրենց պարտականութեան եւ կը հրաժարին Իսրայէլի անվտանգութենէն: Արդարեւ, անոնք պէտք է հարուածեն սեղանը, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ պէտք է հրաժարին հրամանները կատարելէ, պէտք է շարժման անցընեն իրենց լծակները՝ կանխելու համար, որ Իսրայէլն ու ամբողջ տարածաշրջանը բռնկի հոգեկան հիւանդ կառավարութեան զոհասեղանին վրայ։

Միւս կողմէ, «Հաարեց» կը գրէ, որ Իսրայէլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեկուսացած է ու դարձած անկայուն՝ այնպէս, ինչպէս Արեւմուտքի ընկալմամբ՝ Հիւսիսային Քորէան է։

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...