image

Հալէպը նշեց Ծաղկազարդի տօնը (Լուսանկարներ)

Հալէպը նշեց Ծաղկազարդի տօնը (Լուսանկարներ)

Հալէպի հայկական եկեղեցիներուն մէջ երէկ նշուած է Ծաղկազարդի տօնը: Այս առթիւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ այս մասին կը գրէ՝

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող Ծաղկազարդի տօնը ցնծութեան եւ յաղթանակի տօն է ժողովուրդի զաւակներուն համար։

Արդարեւ, Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը։

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Յարաբերական յանձնախումբի անդամ Վրէժ Եագուպեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեան եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: 

Եկեղեցին յարդարուած էր ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով, որոնք կը խորհրդանշեն Երուսաղէմ քաղաք Տիրոջ յաղթական մուտքը։ Ուրախութիւն առթող երեւոյթ է տեսնել ընտանիքներուն եւ իրենց երեխաներուն խուռներամ ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ 

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. Խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան: 

 Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած հոգեպարար շարականներ հնչեցին եկեղեցւոյ դպրաց դասին երգեցողութեամբ, Բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի ղեկավարութեամբ։ 

Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ ձիթենիի ճիւղերու օրհնութիւն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը քանի մը կէտերու մէջ բացայայտեց, թէ ինչո՞ւ Յիսուս Երուսաղէմ մուտք գործեց։

Ա. Որովհետեւ ան «Դաւիթի Որդին» էր եւ որպէս այդպիսին եբրայական հասկացողութեամբ թագաւորը իշու վրայ նստած կը մտնէր իր քաղաքը, ինչպէս Դաւիթ, երբ թագաւոր օծուեցաւ, իշու վրայ նստած մտաւ, նոյնպէս անոր որդին՝ Սողոմոնը, երբ թագաւոր օծուեցաւ՝ իշու վրայ նստած մտաւ։ Հետեւաբար, Քրիստոս ալ եբրայական սովորութեան համաձայն պիտի ընէր, որպէսզի բացայայտէր, թէ իսկապէս Ինք Թագաւորն է։

Բ. Որպէսզի իրականացնէր Զաքարիայի մարգարէութիւնը, ուր իրեն համար ըսուած էր 500 տարիներ առաջ։

Գ. Որպէսզի ցոյց տար, որ Ինք խոնարհ եւ հեզ Թագաւորն է, խոնարհութեամբ եկած էր պայքարելու չարին, հպարտութեան եւ մեղքին դէմ եւ իր խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ եկած էր, որ իր պատերազմը մղէր չարին եւ չար ուժերուն դէմ եւ այդպէս յաղթանակելով նոյն յաղթանակը մեզի տար։ Քրիստոս, Իր խոնարհութեան ճամբով մեզ կը հրաւիրէ, որ մենք ալ մեր հոգեւոր պատերազմը մղենք նոյնպէս խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ։

Քրիստոս նաեւ դատաւորի Իր հանգամանքը ցոյց կու տայ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք զԻնք չեն ընդունիր։ Հետեւաբար, Քրիստոս խստօրէն պիտի դատէ զանոնք եւ դատապարտէ, իսկ որպէս Փրկիչ եւ Դատաւոր, հեզ եւ խոնարհ, արդարութիւնը եւ փրկութիւնը իր հետ բոլոր հաւատացեալներուն համար, Ինք պիտի հանդիսանայ անոնց Փրկիչը եւ Թագաւորը։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, որ Քրիստոսի օրինակով եւ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի դէպքով իրենց առօրեայ կեանքը աստուածահաճ դարձնեն։

Շարունակելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ ժողովուրդը երբ իր հագուստները կը փռէր, ո՛չ միայն կատարելապէս հնազանդութիւն ցոյց կու տար, այլ Քրիստոսի աշակերտներուն հետ միասին Քրիստոսը կ՚ընդունէր իբրեւ իր Տէրը եւ Թագաւորը։ Հետեւաբար, ժողովուրդը կը խոնարհէր, Քրիստոսի իշխանութեան կ՚ենթարկուէր, ամբողջապէս կը յանձնուէր Անոր եւ կ՚ընդունէր Անոր տիրութիւնը իր կեանքին վրայ։ Հագուստները փռելը մեղքերը Քրիստոսի ոտքերուն տակ փռել եւ զԻնք որպէս արդարութեան զգեստ հագնիլ կը նշանակէ, ամբողջ հոգիով, սրտով, մտքով Իր առջեւը փռուիլ, որպէսզի Ինք գայ եւ մեր Տէրը, Առաջնորդը եւ Թագաւորը հանդիսանայ։ Միւս կողմէ, ձիթենին կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը, իսկ արմաւենին՝ յաղթանակը։ Հետեւաբար, ժողովուրդը, տակաւին անգիտակցաբար, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերը ուրախութեամբ ճօճելով կու գար վկայելու, որ Քրիստոս, ճշմարիտ Մեսիան, Ինք խաղաղութեան իշխանն է եւ խաղաղութիւն պարգեւողը, որ մեր ներաշխարհը մեղքին պատճառած ալեկոծումէն խաղաղեցնողն է։ Ինքն է, որ մարդիկը հրաւիրեց ըսելով. «Ինծի եկէք դուք յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ»։ Հետեւաբար, ժողովուրդը կը յայտարարէ, որ ճշմարիտ Քրիստոսով, ճշմարիտ Մեսիայով միայն կարելի է իսկական խաղաղութիւնը վայելել։ Արմաւենիի ճիւղերը կը խորհրդանշէին յաղթանակը։ Քրիստոս Ինքն էր յաղթանակ տանող Թագաւորը, որ եկած էր չարին եւ չարին իշխանութեան դէմ պայքարելու եւ յաղթանակելու, ինչպէս Ինք Երուսաղէմ պիտի մտնէր եւ Գողգոթա լեռ բարձրանալով, մեր մեղքերը իր ուսերուն, խաչը շալկած պիտի մեռնէր, յօժարակամ Իր մահով մեզի կեանք պիտի պարգեւէր եւ փշրելով դժոխքի ու սատանային կապանքներն ու շղթաները, ոչնչացնելով անոր զօրութիւնը եւ վերացնելով անոր խայթոցը մեզի յաղթանակ պիտի պարգեւէր Իր Յարութեամբ եւ մեզի պիտի կոչէր յաղթութեան, լոյսի եւ ցերեկի որդիներ։

Քրիստոս էր յաղթանակ տանողը եւ Ինքն էր նաեւ աշակերտներուն ըսողը. «Մի՛ վախնաք, թէեւ աշխարհի մէջ նեղութիւն եւ դժուարութիւն պիտի ունենաք, մարդիկ ձեզ պիտի հալածեն, բայց մի՛ վախնաք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»։  Աշխարհը իր մեղքերով, հրապոյրներով եւ անօրէնութիւններով մարդը գետնաքարշ, խաւարի որդի եւ Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ։ Քրիստոս եկաւ եւ այդ իմաստով մեզի յաղթանակ տուաւ։ Ան յիշեցուց, որ Ինք յաղթեց Իր մարդկային բնութեան մէջ եւ այդ զօրութիւնը մեզի տուաւ։ Հետեւաբար, Քրիստոսով եւ Սուրբ Հոգիով այդ զօրութիւնը մեր մէջ կը ներգործէ այնքան ժամանակ, որ մեր նայուածքը կը յառենք խաղաղութեան իշխանին՝ Քրիստոսին, որ մեզի աստուածային խաղաղութիւն կը պարգեւէ եւ յաւիտենականութեան զօրութիւն ունենալով կը յաղթանակենք։

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մանուկներու օրհնութեան թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի շրջափակը, ուր անդաստանի կարգ կատարեց եւ ձիթենիի ճիւղերով զարդարուն սուրբ խաչով մանուկները օրհնեց։

Տօնախմբութեան աւարտին, եկեղեցւոյ դիմաց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի փողերախումբը հնչեցուց «Կիլիկիա» մաղթերգը։ Յիշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, մասնաճիւղի տարազաւոր փողերախումբն ու սկաուտները, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, աւանդաբար տողանցեցին Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ:

Աւարտին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով։ Կարկանդակի հատում կատարուեցաւ եւ թաղականութեան կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ Սրբազան Հօր։ 

Հաւատացեալները ձիթենիի օրհնուած ճիւղեր ստանալով վերադարձան իրենց տուները։