Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի, 9 ապրիլ 2017-ին, պատշաճ շուքով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ, մանուկներու թափօրով եւ Դռնբացէքի արարողութեամբ նշուեցաւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը :
Ծաղկազարդի Տօնին թելադրած աւանդութեանց համաձայն, եկեղեցիներու մուտքերը զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով, իսկ հաւատացեալները իրենց ձեռքերուն ունէին ձիթենիի ճիւղեր ու մոմեր:
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը օրուանն Խուրհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Քարոզի ընթացքին խաղաղութեան մաղթանքներ խնդրուեցան սուրիական հայրենիքին, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն ու համբերութիւն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական թափօրը:
Թափօրը դուրս եկաւ եկեղեցիեն դէպի Ազգ.Սահակեան մանկ. շրջան ընելով վերադարձաւ եկեղեցի:
Լուսանկարները՝ Ժիրայր Կարապետեանին