image

Հալէպի քաղաքական գրասենեակի համայնքներու հետ յարաբերութեան պատասխանատուի այցը Ազգ. Առաջնորդարան

Հալէպի քաղաքական գրասենեակի համայնքներու հետ յարաբերութեան պատասխանատուի այցը Ազգ. Առաջնորդարան

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեան ընդունած է Հալէպի քաղաքական գրասենեակի համայնքներու հետ յարաբերութեան պատասխանատի այցը եւ վերջինիս հետ քննարկած ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան նիւթեր։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Անցնող օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հիւրընկալեց Հալէպի քաղաքական գրասենեակի համայնքներու հետ յարաբերութեան պատասխանատու տիար Մուհամմետ Սանքարին։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։

Հանդիպումին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան նիւթեր։

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց երկրի զարգացման եւ ապահովութեան համար տարուող աշխատանքը։