image

Հալէպի Մէջ Ծանր Գիշեր Մը Եւս

Հալէպի Մէջ   Ծանր Գիշեր  Մը Եւս

Սուրիա-  Հալէպի մէջ  դրութիւնը  ծանր  եղած է  երէկ գիշեր: «Արեւելք»ի  աղբիւրները կը յայտնեն, որ  Հալէպի շուրջ   գտնուող զինեալ  խմբաւորումները ծանրօրէն ռմբակոծած են  Ալ Ճալաա եւ  Աշրաֆիյէ  շրջանները:   Մարդկային կորուստներ չեն գրանցուած  սակայն  ծանր  հրթիռարձակումներու որոտը    լսելի դարձած է  նաեւ հայկական թաղամասերուն   մէջ: Մեր աղբիւրները  կը յայտնեն նաեւ , որ անցնող  օրերուն  թէժ բախումներ  տեղի կ'ունենան  Սուրիոյ ազգային   բանակին եւ  զինեալ խմբաւորումներուն   միջեւ: