Սուրիա- Հալէպի մէջ դրութիւնը ծանր եղած է երէկ գիշեր: «Արեւելք»ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ Հալէպի շուրջ գտնուող զինեալ խմբաւորումները ծանրօրէն ռմբակոծած են Ալ Ճալաա եւ Աշրաֆիյէ շրջանները: Մարդկային կորուստներ չեն գրանցուած սակայն ծանր հրթիռարձակումներու որոտը լսելի դարձած է նաեւ հայկական թաղամասերուն մէջ: Մեր աղբիւրները կը յայտնեն նաեւ , որ անցնող օրերուն թէժ բախումներ տեղի կ'ունենան Սուրիոյ ազգային բանակին եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ: