image

Ֆրանսան ուս ուսի կանգնած է ՀՀ վարչապետի կողքին. Մաքրոն

Ֆրանսան ուս ուսի կանգնած է ՀՀ վարչապետի կողքին. Մաքրոն

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ելոյթ ունենալով՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն անդրադարձած է աշխարհի տարբեր հակամարտութիւններու եւ ատոնց լուծման համար միջազգային հանրութեան դերին։

«ՀՀ վարչապետը, որու կողքին Ֆրանսան ամուր կանգնած է՝ ուս ուսի, կը գտնուի Ատրպէյճանի եւ անոր տարածքային նկրտումներու ճնշման տակ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներգրաւուի նաեւ այնտեղ, որ խաղաղ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին․ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է պահպանուին»,-ըսած է ան։