image

Հալէպի հայ ոսկերիչներու պատուիրակութիւն մը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին մօտ

Հալէպի հայ  ոսկերիչներու  պատուիրակութիւն մը Բերիոյ  Թեմի  Առաջնորդին մօտ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Հալէպի ոսկերիչներու սենտիքայի վարչութեան հայ ներկայացուցիչները։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Հալէպի ոսկերիչներու սենտիքայի վարչութեան հայ ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ տիար Ժան Պապլանեան եւ վարչութեան անդամներ տիարք Գառնիկ Կուրղիկեան, Յովիկ Գոզաքճեան եւ Իսկենտէր Պաթթուք։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, վարչութեան անդամները անդրադարձան սենտիքային տարած գործունէութեան։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց հայորդիներուն աշխոյժ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն։