Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմին եւ սուրիական ազատ բանակի ու անոր դաշնակիցներու կողմէն իրականացուող յարձակումներուն, Տնտեսական մեծ նախագիծերու իրագործումը Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ կ'իրականացուին՝ զուգահեռ հողի ազատագրումին: Անոնցմէ վերջինը արեւի ուժանիւթի միջոցաւ ելեկտրականութիւն արտադրելու նախագիծն էր, որ կը վայելէ Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարարութեան աջակցութիւնը:
Այս մասին հաղորդող «Ալ-Տիար»ը կը նշէ, որ այս նախագիծը կ'իրականացուի Հալէպի Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական քաղաքին մէջ, որուն տնօրէն Հազէմ Աճճանը յայտնած է, որ ներկայիս ելեկտրականութեան նախարարութեան հետ կը սերտուին այս ծրագրի իրականացման քայլերը՝ արդիւնաբերական քաղաքին մէջ արեւային համակարգով աշխատող ելեկտրակայան հիմնելու մասին:
Ան յայտնած է, որ արդիւնաբերական քաղաքը այս նախագիծի իրագործման համար մօտ 300 մեթր քառակուսի տարծք պիտի տրամադրէ, ուր հաստատուած արեւային համակարգի ելեկտրակայանը պիտի կարենայ օրական 30 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն արտադրել եւ այս առումով Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական քաղաքի վարչութիւնը համաձայնութիւն տուած է նախագիծի սերտողութեան համար