image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ամերիկեան նախագիծը եւ իսրայէլեան կառավարութեան ճակատագիրը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ամերիկեան նախագիծը եւ իսրայէլեան կառավարութեան ճակատագիրը

Կառավարութեան լուծարման հաւանականութիւնը առկայ է: Այդ պատճառով է, որ Իսրայէլի վարչապետը կը դիմէ փլան Բ.-ին: Աջակողմեան քաղաքական գործիչներու կ՛առաջարկէ նախարարական պաշտօններ:

Ժամանակը նեղ է, եւ Իսրայէլի վարչապետը պէտք է ընտրէ ամերիկեան նախագիծին եւ իր կառավարութեան ճակատագիրին միջեւ:

Միացեալ Նահանգները, Քաթարն ու Եգիպտոսը համադրած են իրենց քաղաքական ժամացոյցի սլաքները` Կազայի մէջ զինադուլի համաձայնութեան յանգելու համար: Երեք պետութիւններու կոչը ուղղուած է երկու կողմերուն:

Առաջարկը ըստ էութեան ամերիկեան նախագիծն է, որուն կ՛աջակցին միւս պետութիւնները եւ որ կը բաղկանայ երեք փուլերէ: Առաջին երկու փուլերուն վերաբերեալ կան մանրամասնութիւններ: Զինադուլի հաստատում, պատանդներու` նախ եւ առաջ քաղաքացիներու, պատանդներու եւ ապա ռազմագերիներու փոխանակում:

Փակ կը մնան երրորդ փուլի մանրամասնութիւնները, որոնք յայտնաբար կը վերաբերին ճանապարհային քարտէսի մը, որ պիտի առաջնորդէ դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր: Եւ ահա այստեղ է, որ ներիսրայէլեան դաշտը հակոտնեայ դիրքորոշումներ կը պարզէ:

Այս նախագիծէն առաջ կար սուր անհամաձայնութիւն Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի միջեւ ժամանակաւոր զինադուլի համաձայնութեան շուրջ: Հիմա հանգամանքները կը թուին փոխուած ըլլալ: Իսրայէլի վարչապետին խորհրդականը յայտարարած է, որ ամերիկեան նախագիծին չհամաձայնիլը կը նշանակէ  Համասի մօտ գտնուող իսրայէլացի գերիները մահուան դատապարտել եւ միջնորդներուն առումով վստահութեան տագնապ ստեղծել:

Այս յայտարարութիւնը երեք կարեւոր բաղադրիչ ունի: Նախ այն, որ գործող իշխանութիւնը համաձայնութիւն կը յայտնէ ամերիկեան նախագիծին: Երկրորդ, որ եթէ չհամաձայնին, ուրեմն պատճառ եղած կ՛ըլլան, որ իսրայէլացի գերիները սպաննուին: Երրորդը ամէնէն հիմնական հանգոյցը կը պարունակէ: Անհամաձայնութիւնը միջնորդներուն ուղղութեամբ կը յառաջացնէ վստահութեան տագնապ:

Պարզ է, որ միջնորդներ ըսելով կառավարական մեծամասնութիւնը կը հասկնայ Միացեալ Նահանգները: Քաթարն ու Եգիպտոսը այստեղ գերմիջնորդին օգնականներն են` թղթածրարը կողմերուն փոխանցող: Այդ անվստահութեան խնդիրը կամ շահերու բախման կէտերու տեսանելիութիւնը գոյութիւն ունի արդէն Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի միջեւ: Հիմա ամերիկեան նախագիծը չընդունելով այդ անվստահութիւնը կրնայ խորանալ եւ ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ գործող վարչապետին գլխաւորած վարչակարգին համար:

Սակայն այդքան ալ պարզ չի թուիր ամերիկեան նախագիծը ընդունիլը, հակառակ անոր որ համաձայն ըլլալու տրամադրութիւնը պաշտօնապէս կը փոխանցուի այս ձեւով: Կառավարութեան մաս կազմող ծայրայեղ աջակողմեան նախարարներ սպառնացին տապալել համախոհական կառավարութիւնը, եթէ վարչապետը որեւէ համաձայնութիւն կնքէ, ուր կը շրջանցուի Համասը ոչնչացնելու կէտը:

Սուր ձեւով դրուած է ընտրանքը: Կա՛մ համաձայնիլ ամերիկեան նախագիծին եւ կա՛մ հեռանալ վարչապետի պաշտօնէն:

Յայտնաբար երրորդ փուլին բովանդակութիւնն է խնդրոյ առարկան: Երրորդ փուլն է, որ պիտի նախագծէ խաղաղութեան համաձայնագիրին կէտերը: Փուլային այս նախագիծն է, որ պիտի բովանդակէ խաղաղութեան համաձայնագիրին կէտերը: Խնդրայարոյց բաժինը այստեղ բովանդակուած կ՛ըլլայ: Իսրայէլեան կողմը պիտի պահանջէ Համասի լուծարումը, իսրայէլեան զօրքերու Կազայի մէջ տեղակայումը: Մինչ միջազգային ընտանիքը քայլ առ քայլ կ՛առաջնորդուի դէպի պաղեստինեան պետութեան ճանաչում:

Կառավարութեան լուծարման հաւանականութիւնը առկայ է: Այդ պատճառով է, որ Իսրայէլի վարչապետը կը դիմէ փլան Բ.-ին: Աջակողմեան քաղաքական գործիչներու կ՛առաջարկէ նախարարական պաշտօններ:

Ժամանակը նեղ է, եւ Իսրայէլի վարչապետը պէտք է ընտրէ ամերիկեան նախագիծին եւ իր կառավարութեան ճակատագիրին միջեւ:

 

«Ա.»