Ստեփանակերտ քաղաքի կեդրոնական շուկային մէջ եւ միրգ-բանջարեղէնի խանութներուն մէջ արդէն իսկ կը վաճառուին նարինջ եւ մանտարին: Աւելի վաղ մեկնարկած է ստեպղինի վաճառման գործընթացը: Այս մասին հաղորդած է Արցախի հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովը:
Կը կատարուին աշխատանքներ Արցախի շրջաններուն մէջ նշուած ապրանքատեսակներու բաշխումը իրականացնելու համար: Արցախի Հանրապետութեան մէջ նշուած ապրանքատեսակներու առաւելագոյն իրացման գիները եւ մէկ սպառողի ձեռքբերման չափաքանակը ներկայացուած են աղիւսակին մէջ:
«Սպառողներին յորդորում ենք զերծ մնալ հրապարակուած գներից աւելի բարձր գներով նշուած ապրանքատեսակները ձեռք բերելուց, իսկ նման դէպքերին առնչուելուն պէս ահազանգել գործող թէժ գծերի միջոցով»,-գրուած է յանձնաժողովի հաղորդագրութեան մէջ:
Շուկային մէջ տարբեր ապրանքատեսակներու հետագայ իրացման վերաբերեալ պիտի տրամադրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն: