Պրիւքսելեան հանդիպումներէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր:
Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսով վերահաստատուեցաւ այդ մէկը, ինչ որ համազօր է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները նոր բաժին եւս աւելցուցին հայկական կողմէն արձանագրուող հիմնական զիջումներուն վրայ: Սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նկատի կ՛առնուի 1975-ի քարտէսը, ուր առանց որեւէ իրաւական հիմքի Ազրպէյճանին բռնակցուած են հայկական ներշրջանները (անքլաւներ): Հիմա ամենայն պարզութեամբ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ այդ ներշրջանները եւս պիտի յանձնուին Ազրպէյճանին:
Անհիմն եւ վիճաբանութեան չդիմացող առարկութիւն է այն, որ առաջին անգամը չէ, որ Երեւան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար նման թուանշաններով չէ սահմանած Ազրպէյճանի տարածքը: Իսկ թէ՛ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, եւ թէ՛ Ալմա Աթայի հռչակագիրը իրաւական ելք բաց կը ձգէին Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս նկատելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատելու: Այլ խօսքով, Երեւանը չէր ընդունած Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ. առաւել եւս, հայկական ներշրջաններու մասին որեւէ զիջումի յայտարարութիւն չէր կատարուած երբեւիցէ:
Անբովանդակ է նաեւ Փաշինեանի յայտարարութեան կցուած բաղադրիչը` Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու սկսման եւ միջազգային գործիքակազմով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման: Պաքուն բազմիցս պարզ դարձուցած է, որ այդ բանակցութիւններու օրակարգը բացառապէս Ազրպէյճանի «ղարաբաղցի քաղաքացիներ»-ու համարկումին կրնայ վերաբերիլ: Նոյնպէս` աշխարհը ականատես է, որ միջազգային որոշումներն ու օրէնքները ինչպէ՛ս կը յարգուին ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմած, Արցախը շրջափակած, մարդասիրական աղէտ ստեղծած եւ ցեղային զտման քաղաքականութենէն չհրաժարած Ազրպէյճանին կողմէ:
Արցախի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ մերժեց եւ անընդունելի նկատեց Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան` միաւորուելու եւ Արցախին զօրակցելու, մերժելով Երեւանէն հնչած յանձնուողականութիւնը:
Առաջին անգամը չէ, որ Արցախը նման օրհասական պահու կը միաւորուի եւ հանդէս կու գայ միաձայն դիրքորոշումներով եւ ակնկալութեամբ:
Այս միակամութիւնը դժբախտաբար, ցարդ կը մնայ Արցախի սահմաններուն մէջ: Կարմիր գիծերը հատուած են, եւ Երեւանը կ՛ուղղուի այս ձեւով երկրորդ յանձնուողական պայմանագիրը ստորագրելու: Կան յստակ իրաւական արգելքներ նման քայլի դիմելու: Այս յայտարարութիւնները արդէն իսկ հակապետական կը նկատուին, եթէ նկատի ունենաք թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթը, եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումը:
Վերյիշեցման կարգով. ըստ Անկախութեան հռչակագիրին` «…Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ…»:
Եւ` 8 յուլիս 1992-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումի 2-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, որտեղ Լեռնային Ղարաբաղը նշուած կը լինի Ազրպէյճանի կազմում»:
Այս երթի կասեցման գործընթացը սկսաւ Արցախէն: Հիմա կ՛ակնկալուի համայն հայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Ազգային ժողովին եւ անոր կատարած յայտարարութեան:
Բոլոր իրաւական դրոյթները կան հակասահմանադրական եւ հակապետական համարելու Արցախը Ազրպէյճանին մաս նկատելու փաշինեանական յայտարարութիւնները: Մինչ այդ անյետաձգելի է համազգային համախմբումը: