Հո՜ն, դար մը առաջ, գոյութիւն ունէի...
Հազար ինն հարիւր թուականին,
«Հարունէ» գիւղէն՝ Փանոսի որդին,
Մեծ հայրըս ծնաւ, զոր մեռոնեցին՝
Մկրտիչ Տէր Եագուպեան անունով,
Որ հետագային, մէջ Լիբանանի,
Զինք անուանեցին՝ Փանոսեան։
Պոյով-պոսով ի՜նչ յաղթանդամ,
Եղեռնակոծ մէկ քաջ չոպան,
Թէեւ տոկաց երկու տարի
«Վալի»ի մը տան մէջ մեծղի,
Փախուստ տըւաւ ան մեծ ճիգով
Ատանայէն դէպի Սուրիա,
Դեռ տասն եւ հինգ տարեկանին։
Իր յորդահոս քրտինքներու
Կայլակներուն մէջը ոսկի,
Որ մղեցին կաթկթելով
Կեանքի իր մեծ երազանքին,
Թռչուններու եղանակող
Գեղգեղանքի մէջը նոյնիսկ՝
Ես գոյութիւն ունէի։
Եօթ ընկերներով, մեծ հայրս՝ պանդուխտ,
Օրերով սոված, գիշեր մը գաղտուկ,
Պանանի կեղեւ մը գտաւ մատի չափ,
Աղտեղութեան մէջ,
Զոր բաժնըւեցան հաւասար չափով.
Ու սնանեցան տերեւներով չոր,
Թաթխելով գետնի ջուրին մէջ ցեխոտ։
Որպէս հաց կերան հոգեհարազատ,
Եւ հոն՝ մեծ հայրս մտքով վշտահար,
Տեսաւ ապագան... Ջուրէն յորդառատ,
Սերմեր դարալիր, հունտեր ծաղկատի,
Թէպէտեւ անտես՝ գոյութիւնը իմ։
Հո՜ն, դար մը առաջ, ես գոյութիւն ունէի։
Կայլակ
«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն