image

Գրիգորեան անվտանգութեան թեմաներով տեսակցեցաւ ամերիկացի պաշտօնատարի հետ

Գրիգորեան անվտանգութեան թեմաներով տեսակցեցաւ ամերիկացի պաշտօնատարի հետ

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ քննարկած է ՀՀ-Եւրոպական Միութիւն եւ ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ գործընկերութեան օրակարգերու հարցեր:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդէն։

Յունուարի 14-ին ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Տաւոսի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդական Սայմոն Մորտիւի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենի դիւանագիտական խորհրդական Ֆերնանտո Կիմարաեսի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով աւագ խորհրդական Մակտալենա Կրոնոյի հետ:

«Զրուցակիցները քննարկել են ՀՀ-Եւրոպական Միութիւն եւ ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ գործընկերութեան օրակարգերի հարցեր, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգների կողմից ՀՀ-ին ցուցաբերուող օգնութեան օրակարգը, որ ուղղուած է աջակցելու Հայաստանի անկախութեանը, անվտանգութեանը, տարածքային ամբողջականութեանը եւ ժողովրդավարութեանը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: