2024 թուականի փետրուարի սկիզբը ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքէն պարզ դարձաւ, որ ատրպէյճանցիները ոչնչացուցած են Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յուշաքարը։ Այն պատրաստած էր քանդակագործ Եուրի Սամուէլեան՝ 1996 թուականի Արցախի տարեկան հաւաքի ծիրէն ներս, գրած է monumentwatch.org-ը։
Հաւաքի աւարտէն յետոյ յուշարձանը տեղադրուած էր Ստեփանակերտի մանկական պուրակին մէջ, այնուհետեւ՝ 1997-1998 թուականներուն տեղափոխուած Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող պուրակը։ 2020 թուականի ռազմական գործողութիւններէն յետոյ պուրակը եւ յուշաքարի շրջակայքը վերանորոգուած են։ Յուշաքարը կը ներկայացնէ պազալտէ հսկայական ժայռաբեկոր մը (ի նմանութիւն հերոսի «Բեկոր» անուան հետ), որու վերնամասէն՝ «ժայռէն դուրս կուգայ» Աշոտ Ղուլեանի դիմաքանդակը: Ժայռի ստորոտը քանդակուած է վիրաւոր զինուոր դիմացը վահան։ Վահանի կեդրոնը Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ գմբեթի մեկենասի քանդակն է՝ գլխավերեւը եկեղեցւոյ մանրակերտով հանդերձ: Յուշաքարին վրայ Աշոտ Ղուլեանի սիրած արտայայտութիւնն է. «Ես ծովն եմ սիրում»: Հերոսն իր հարցազրոյցներուն նշած էր, որ խաղաղութեան պայմաններուն նաւ մը պիտի պատրաստէ եւ շրջի աշխարհով մէկ։
Յուշարձանի հրապարակային ոչնչացումը եւ անոր տարածումը կը խօսի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի անկախութեան շրջանի յուշարձաններու ոչնչացման յստակ եւ ծրագրային քաղաքականութեան մասին։
Համաձայն «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ պղծութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ գործողութիւն։
Յուշարձանի բացայայտ ոչնչացումը կը խախտէ նաեւ Հաագայի արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի 7 դեկտեմբերի որոշումը, որու համաձայն «Ատրպէյճանը պարտաւոր է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանդալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները, որոնք կ'իրականացուին հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ․․․»
«Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1972 թուականի համաձայնագիրը որեւէ ժողովուրդի ժառանգութեան ոչնչացումը կը համարէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու ընդհանուր հարստութեան կործանարար աղքատացում եւ շեշտում անոր բացառիկ արժէքներու պահպանութեան անհրաժեշտութիւնը։ Իսկ ըստ Միջազգային քրէական դատարանի 8-րդ յօդուածին՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «Արգիլուած է դիտումնաւոր ուղղորդել յարձակումները կրօնին, կրթութեան, արուեստին, գիտութեան կամ բարեգործական նպատակներուն նուիրուած կառոյցներու, պատմական յուշարձաններու, հիւանդանոցներու վրայ, եթէ անոնք ռազմական թիրախներ չեն»:
