Ղալաթիոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է եզակի ձեռնարկ մը։ Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած է աւանդական ղափաման պատրաստելու ուղղեալ աշխատանոց մը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ, 7 Մարտին, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կոլոտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական «Ղափամա» ճաշատեսակի պատրաստութեան աշխատանոց։
13 հոգի մասնակցեցաւ աշխատանոցին։ Ծնողաց Միութեան 8 անդամներ հանդէս եկան որպէս հիւրընկալ։
Ղափաման եփողը միութեան անդամուհի գիւղատնտեսութեան ճարտարագիտուհի Գուհար Այտընն էր։ Հաճելի ձեռնարկ էր՝ պատրաստութեան փուլերով ու համտեսումով։