Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ վարչական կարողութիւններով օժտուած, ինչպէս նաեւ հոգեւոր Առաջնորդի մը շնորհներով առլցուն Սրբազան Հայրը արդէն 20 տարիներէ ի վեր, որպէս Թեմակալ առաջնորդ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարող միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան վերընտրուած է թեմական խառն ժողովին կողմէ եւ պիտի շարունակէ Առաջնորդի իր պաշտօնը յառաջիկայ 8 տարիներուն համար։
Նշենք, որ արմատներով Լիբանանէն, Գերշ. Տ. Յովնան արք.ը նախապէս ալ վարած է բազում բարձրաստիճան պաշտօններ որոնց վերջինը Գանատայի Թեմի առաջնորդութեան պաշտօնն էր։