image

Գերշ. Տ. Խաժակ Արք.ի այցը՝ Կերարտսպերկէն

Գերշ. Տ. Խաժակ Արք.ի այցը՝ Կերարտսպերկէն

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի գրասենաեակէն վերահասու կը դառնանք, թէ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան օրերս այցելած է Պելժիոյ Կերարտսպերկէն քաղաք, ուր հանդիպում ունեցած է համայնքային գործիչներու հետ եւ քննարկած  առկայ հիմնահարցերը ու լուծման արժանի խնդիրները։ 

Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

6-7 Ապրիլին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հովուական այցելութեամբ մեկնած է Պելժիոյ Կերարտսպերկէն քաղաք եւ հոն հանդիպում մը ունեցած հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի ու Ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համայնքային նոր աշխատութիւններու մասին հարցեր եւ ապագայ ծրագիրներ։ Սրբազանը իր գնահատանքը փոխանցեց եւ օրհնեց ժողովականները։ 

Կիրակի, 7 Ապրիլին, Սրբազան Հայրը առաջին անգամ պատարագեց Կերարտսպերկէնի քաղաքի ու շրջակայ աւաններէն եկած բարեպաշտ հաւատացեալներուն համար, նաեւ քարոզեց օրուայ խորհուրդի շուրջ։ Այս արարողութեան ներկայ էր նաեւ Անտվերպենի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Պրիւքսէլի Ս. Մարիամ Մագթաղենացի երգչախումբէն Տիկին Զուարթ Գալստեան եւ Մելինէ Յովհաննիսեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Կոմիտաս կիրակնօրեայ դպրոցի սաները հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագրով մը, Աստուածածնի Աւետման տօնի եւ մայրութեան օրուայ առիթով։ Ապա անոնք ծաղիկներ նուիրեցին եկեղեցւոյ մէջ ներկայ բոլոր կիներուն։