image

Գերմանիոյ նախագահը չընդունելու Քիեւի որոշումը կասկածներ առաջացուց. Օլաֆ Շոլց

Գերմանիոյ նախագահը չընդունելու Քիեւի  որոշումը կասկածներ առաջացուց. Օլաֆ Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց չի նախատեսեր մօտ ապագային այցելել Քիեւ:

Շոլց յիշեցուցած է, որ պատերազմը սկսուելէն ընդամէնը մի քանի օր առաջ այցելած է Քիեւ եւ պարբերաբար հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Դժուար թէ գտնուի պետութեան կամ կառավարութեան մէկ այլ ղեկավար, որ նման աշխոյժ կապ կը պահպանէ անոր հետ, նշած է Շոլց:

Ան ըսած է, որ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերը ընդունելու Քիեւի մերժումը տարակուսանք կ'առաջացնէ: Շթայնմայերը ինք կը փափաքէր մեկնիլ Ուքրանիա եւ այցելել Զելենսքիին, ըսած է Շոլց, սակայն այլ մեկնաբանութիւններ չէ տուած:

Նշենք, որ Գերմանիոյ նախագահը նախօրէին հաստատած էր, որ Քիեւը մերժած է ընդունիլ զինք` հաստատելով այն հրապարակումը, որ, վկայակոչելով ուքրանացի դիւանագէտը, հաղորդած էր, որ անոր պատճառը Շթայնմայերի աշխոյժ կապերն են Մոսկուայի հետ:

Միեւնոյն ժամանակ, Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Սերկէյ Լեշչենքօն հերքած է տեղեկութիւնը այն մասին, որ Զելենսքին մերժած է Գերմանիոյ նախագահի այցին առաջարկը:

Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչը յայտնած է, որ Զելենսքին Պեռլինը վիրաւորելու մտադրութիւն չէ ունեցած:

«Կը կարծեմ, որ հիմնական փաստարկը այլ է. մեր նախագահը կը սպասէ վարչապետին, որպէսզի ան (Շոլցը) կարենայ ուղղակի գործնական որոշումներ կայացնել, ներառեալ զէնքի մատակարարումը», ըսած է ան: