Ատրպէյճանի կողմէ Նոյեմբեր 16-ին սանձազերծուած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուած եւ անհետ կորսուած համարուող անձերու հարցով յառաջիկայ օրերուն անյապաղ միջոցի կիրառման դիմում-խնդրագրեր պիտի ուղարկուին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Այս մասին յայտնեց իրավապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանը:
«Մենք թէ՛ անհետ կորած, եւ թէ՛ գերեվարված անձերու ընտանիքներէն արդէն տեղեկութիւններ ստանում ենք, դէպքերն ուսումնասիրում ենք: Եւ բնականաբար անյապաղ միջոցի դիմում-խնդրագրեր ուղարկուելու են ՄԻԵԴ, այս առումով պրոցեսներ կան: Մենք նաեւ հաշուի ենք առնելու միջպետական գանգատի շրջանակում ընթացող գործընթացները, որպէսզի բացառենք կրկնողութիւնը», ըսաւ Սահակեանը:
Անոր խօսքով՝ առաջնային խնդիրը անձերու ֆիզիքական անձեռնմխելիութիւնը եւ կեանքը պաշտպանութեան տակ վերցնելու հարցն է: Եւրոպական դատարանը անյապաղ միջոց չի կիրառեր ազատ արձակելու տեսքով: Սակայն Սահակեանը յիշեցուց ՄԱԿ-ի միջազգային արդարադատութեան դատարանին մէջ ընթացող գործընթացներու մասին. Հայաստանը Ատրպէյճանի դէմ հրատապ միջոցներ կիրառելու պահանջ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի դատարանին մէջ, անով Հայաստանը, ի թիւս այլ պահանջներու, կը պնդէ անյապաղ վերադարձնել հայ ռազմագերիները, փակել ռազմական աւարի պուրակը: «Յոյս ունենք, որ մի քանի շաբաթների ընթացքում իրաւական որոշում կ'ունենանք այս հարցի վերաբերեալ», ըսաւ Սահակեանը: