image
Հրատապ լուրեր:

Գանատան Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելը չի բացառեր. Արտաքին գործոց նախարար

Գանատան Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելը չի բացառեր. Արտաքին գործոց նախարար

Գանատայի խորհրդարանէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով լսումներ կայացած են, որոնց ընթացքին երկրի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլին չէ բացառած Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցը։

Պատգամաւոր Իւ Փեռոնն արտաքին գործոց նախարարէն խնդրած է մեկնաբանել՝ արդեօք Գանատան կը նախատեսէ Ատրպէյճանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառել, եւ արդեօք այդ հարցը քննարկուած է եւրոպական գործընկերներու հետ։

«Մենք հակուած ենք պատժամիջոցներու հարցը դիտարկելու շարք մը այլ երկիրներու հետ, որ այդ երկրի վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրուի։ Այնպէս որ, կը քննարկուի ամէն բան», - պատասխանած է Ճոլին։