image
Հրատապ լուրեր:

Գահիրէի մէջ. «Սարտարապատ» պարախումբի փայլուն ելոյթը (Լուսանկարներ)

Գահիրէի մէջ. «Սարտարապատ» պարախումբի փայլուն ելոյթը  (Լուսանկարներ)

Օրերս  Գահիրէի «Հելիոպոլսոյ Գրադարան»ի թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցած է «Սարտարապատ» պարախումբը։ Համոյթը տեղի ունեցած է կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան, հովանաւորութեամբ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին, եւ նախագահութեամբ պարախումբի հիմնադիր՝ Շաքէ Յովակիմեանի։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ խմբագրութեանս ուղարկուած թղթակցութենէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

«Սարտաարապատ» պարախումբի ելոյթը

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան, հովանաւորութեամբ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին, եւ նախագահութեամբ Շաքէ Յովակիմեանին, Շաբաթ, 16 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Հելիոպոլսոյ Գրադարան»ի թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Սարտարապատ» պարախումբը։

Երեկոյթին բացման խօսքը կատարեց Սօսի Չիլինկիրեան. ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք պատուոյ հիւրերուն եւ մշակութասէր ներկաներուն, անդրադարձաւ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան աւելի քան 50 տարի առաջ սկսած առաքելութեան՝ «պահպանել մշակոյթը՝ ձեւաւորելով հա՛յ երիտասարդին հա՛յ ինքնութիւնը», ինչպէս նաեւ՝ պարախումբի պատմութեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահուհի, «Սարտարապատ» պարախումբի հիմնադիր՝ արուեստագիտուհի Շաքէ Յովակիմեանին, ընդհանուր ղեկավար՝ Գարոլին Մազլումեանին, պարուսոյց Մարիամ Կարապետեանին, պարախումբի բոլոր անդամներուն, իրենց ծնողներուն, քուլիսներու ետին աշխատող կազմին, կազմակերպիչ վարչութեան եւ բոլոր նուիրեալներուն։ 

Ապա, արաբերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեց Մարլօ Աւետիսեան, որմէ ետք ծափողջոյններով ելոյթ ունեցաւ «Սարտարապատ» պարախումբը՝ իր 25 անդամ-անդամուհիներով, եւ 14 պարերով, «որոնք արտայայտութիւնն էին մեր հայրենիքի տարբեր շրջաններու կենցաղային եւ մշակութային բազմազան առանձնայատկութիւններու»։ Այստեղ տեղին է նշել, որ հակառակ շատ կարճ ժամանակուան փորձերուն, պարախումբի անդամները յաջողեցան հանդիսատեսը առինքնել, բարձրացնել ներկաներուն տրամադրութիւնը, եւ փոխանցել դրական տպաւորութիւն՝ իրենց շարժումներու համաչափութեամբ եւ պարային քայլերու համադրումով։

Ընթացքին, Նորա Քէօհնէլեանի կատարողութեամբ, յաւերժացաւ մեր անկրկնելի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը, ծննդեան 100-ամեակին առիթով՝ իր «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Ղօղանջ Եղեռնական» հատուածով։

Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ Շանթ Կապէեան. ան գնահատեց այսօրուան երիտասարդը, որ «կը շարունակէ ամուր պահել մեր մշակոյթը, պատկանելիութեան զգացումը արմատաւորելով, եւ մեզի հետ կիսելով հայ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը»։ Ապա շնորհաւորեց անոնց, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին համոյթի յաջողութեան իրականացման։

Ապա, Մշակութայինի ատենապետը բեմ հրաւիրեց երկար տարիներու «Սարտարապատ» պարախումբի աշխատանքները համադրող, ընդհանուր ղեկավար Գարոլին Մազլումեանը՝ յուշանուէրով մը պատուելու, ինչպէս նաեւ՝ գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Մարիամ Կարապետեանը։

Բեմ հրաւիրեց եւ յուշանուէր յանձնեց նաեւ պարախումբի տարազներու պատրաստութեան երկարամեայ նուիրեալ խորհրդատուներ Անի Աւետանեանին ու Սօնիա Պայրամեանին։

Համոյթի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ գաղութիս բարեխնամ առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան՝ օրհնութեան խօսքը փոխանցելու մշակութասէր ներկաներուն։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց եգիպտահայ համայնքէն ներս տարուող միութենական գործունէութիւնը՝ ի մասնաւորի անդրադառնալով նուիրական այն աշխատանքին, զոր տարած է «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութիւնը՝ «Սարտարապատ» պարախումբին համոյթը կեանքի կոչելով։

Նշեց նաեւ, որ Ազգային Առաջնորդարանը եւ Ազգային իշխանութիւնը մի՛շտ պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու եւ աջակից ըլլալու մեր բոլոր միութիւններուն, որպէսզի երիտասարդ սերունդին մէջ արմատաւորուի հայ ազգային մշակոյթն ու հայրենասիրական զգացումները, որոնք երաշխիքն են հայկական դիմագիծ ունեցող համայնքի գոյութեան։

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյցին, պատասխանատուներուն, համոյթին յաջողութեան նուիրեալ բոլոր օժանդակներուն, յատկապէս պարախումբի բոլոր անդամներուն, որոնց մէջ հայ պարարուեստը կեանք ստացաւ եւ իբրեւ ինքնութեան պահպանութեան բացառիկ միջոց՝ կեանք տուաւ հայկականութեանը եւ մշակոյթին։

 

Ս.Չ.

Գահիրէ