Օրերս ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն տուած է AMAA-ի հովանաւորութեամբ գործող՝ «Աւետիսեան» դպրոց։
Այցին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀՀ Վարչապետի պաշտօնական կայքէջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը ՝
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց «Խորեն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոց-կրթահամալիր, որ կը գտնուի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ։ Ուսումնական հաստատութիւնը հիմնադրուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) ճիգերով եւ միջոցներով։
Նիկոլ Փաշինեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի, ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի եւ AMAA-ի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարեց դպրոցէն ներս, ծանօթացաւ կրթական գործընթացին եւ ստեղծուած պայմաններուն։
Նշուեցաւ, որ Աւետիսեան մասնաւոր կրթահամալիրն իր մէջ կը ներառէ մանկապարտէզ եւ դպրոց, որ կ՚ապահովէ 12-ամեայ համակողմանի եւ անվճար կրթութիւն՝ պետական կրթական ծրագրով, նաեւ առաջարկելով լրացուցիչ դասընթացքներ, ինչպիսիք են՝ արհեստական բանականութեան ուսուցումը եւ այլ արդի ուղղութիւններ։ Դպրոցը կը սպասարկէ շուրջ 900 աշակերտ։
Դպրոցը կը գործէ 7 մասնաշէնքէ բաղկացած նորակառոյց, բնապահպանական պայմաններ ունեցող համալիրի մէջ, որ արժանացած է LEED (Leadership in Energy and Environmental Design) միջազգային տիտղոս-ճանաչումին։Համալիրն յագեցած է արեւային վահանակներով, վերամշակելի անձրեւաջրերու համակարգով եւ կանաչ տանիքներով։ Դպրոցին մէջ կը գործէ նաեւ ժամանակակից ջերմատուն, ուր երեխաները կրնան ուսանիլ «խելացի գիւղատնտեսութիւն»։
Այցէն ետք տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին վարչապետին ներկայացուեցաւ կազմակերպութեան կողմէ 2026 թուականին Վարդենիսի մէջ նախատեսուած նմանօրինակ կրթահամալիրի նախագիծը։ Նշուեցաւ, որ այն նախատեսուած է 300 աշակերտի համար։ Վարչապետը առաջարկեց պետական եւ մասնաւոր ծրագրերը համադրել՝ կառուցելով մէկ 600 աշակերտի համար նախատեսուած ուսումնական հաստատութիւն, որ իր հզօրութեամբ պիտի բաւարարէ առկայ պահանջարկը։ Առաջարկը ընդունուեցաւ AMAA-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Երկրի ղեկավարը պատասխանատուներուն յանձնարարեց շարունակել քննարկումները եւ մշակել համագործակցութեան ընդհանուր ծրագրագիրը։
Միաժամանակ տեղեկացուեցաւ, որ առաջիկայ տարիներունն AMAA բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը ծրագրած է նմանօրինակ կրթահամալիրներ կառուցել նաեւ Սիւնիքի, Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ։


