image

Գագիկ Ծառուկեան Պուրճ Համուտ Այցելած է (Լուսանկարներ)

Գագիկ Ծառուկեան Պուրճ Համուտ Այցելած է  (Լուսանկարներ)

Լիբանան- ԲՀԿ  Նախկին առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան  այսօր    Պէյրութի հայահոծ Պուրճ համուտի շրջան այցելած է: Ծառուկեան   շրջանի    պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ շրջած է «Արաքս» փողոցէն ներս եւ ապա այցելած է Հ. Յ. Դ. «Սարդարապատ» ակումբ: Յիշեցնենք, որ Ծառուկեան օրեր առած  Անթիլիաս   այցելած  եւ հանդիպում ունեցած էր   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:  Աւելի ուշ    յայտարարուեցաւ, որ Ծառուկեան    500 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն ըրած էր Անթիլիասի  Կաթողիկոսարանին ինչպէս նաեւ Հալէպի Հայերուն  կարիքները  հոգալու համար: (Լուսանկարները ՝«Սթիւտիօ  Աշնակ»ի)