Մարտ 31-ին՝ ժամը 00:50-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խնածախ բնակավայրի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վնասուած է բնակելի տուն: Տուժածներ չկան, յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատրպէյճանական կողմին կոչ ըրած է հետաքննելու Խնածախ բնակավայրի բնակելի տան գնդակոծման փաստը եւ հանդէս գալու հրապարակային պարզաբանումներով։
Պաշտպանական գերատեսչութենէն նաեւ նշած են, որ Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ իբր մարտ 30-ին՝ ժամը 22:30-էն մինչեւ մարտ 31-ը՝ ժամը 04:35-ը, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան, յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն։
Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշման համապատասխան՝ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը՝ ատոնք ՀՀ-ին փոխանցելու պարագային։