Օրերս ՀՀ Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ՝ Արտակ Ջումայեան, այցելած է Հայաստանի AMAA-ի կեդրոնատեղի եւ հանդիպում ունեցած ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմէնճեանին հետ: Քննարկուած են Հայաստանի մէջ առողջութեան պահպանման համագործակցութեան ոլորտները եւ թուային առողջապահական լուծումներու ներդրման համատեղ աշխատանքները:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց AMMA-ի դիմատետրի էջէն:
AMAA-ը հիւրընկալած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Ջումայեանը:
Քննարկուած են Հայաստանի մէջ առողջութեան պահպանման առաջնային օղակի շրջանագիծէն ներս համագործակցութեան ոլորտները եւ մանրամասնութիւնները՝ յատկապէս AMAA-ի Աւետիսեան դպրոցին կից՝ դպրոցահեն առողջութեան պահպանման առաջնային օղակի օրինակելի նախատիպը, ինչպէս նաեւ մարզերու եւ Երեւանի մէջ թուային առողջապահական լուծումներու ներդրման համատեղ աշխատանքները:
Առողջապահութեան նախարարի տեղակալին ներկայացուած է AMAA-ի դպրոցահեն դարմանատան ճարտարապետական նախագիծը, քննարկուած են ընթացիկ աշխատանքները եւ հետագայ քայլերը:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ընտանեկան բժշկութեան, ինչպէս նաեւ մարզային բուժաշխատողներու վերապատրաստումներուն եւ անհրաժեշտ հմտութիւններու զարգացմանն AMAA-ի ներգրաւուածութեան։