Ֆրանսացի լրագրողներ Փիէր Սոթրէօյ եւ Թոմա Կիշար արժանացան մրցանակի մը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Կորսուած Գծանկարներ. Տարագրութեան Մէջ Ապրող Հայ Ընտանիքի Մը Հետքերով» խորագրեալ իրենց յօդուածին համար։
Այս մասին կը գրէ «Նոր Յառաջ»ը։
Յօդուածը լոյս տեսած էր La Croix օրաթերթի շաբաթական յաւելուածին մէջ։