Որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր՝ Ֆրանսան պատրաստակամութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի», յայտնելով, որ Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օրելիա Պուշէ այս մասին ըսած է. «ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները պիտի շարունակեն իրականացնել իրենց պարտականութիւնները եւ ջանքեր գործադրել փոխվստահութեան ամրապնդման ու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ», միաժամանակ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում մը կազմակերպելու պատրաստակամութիւն յայտնելով։
Ան նաեւ ողջունած է 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումը: «Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելի է հասնիլ շարունակական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով», եզրակացուցած է Պուշէ: