Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ հանդիպած է «Համաս»-ի ղեկավարութեան, այդ շարքին՝ քաղբիւրոյի ղեկավարի հնարաւոր թեկնածու Խալետ Մեշաալի հետ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ Խալետ Մեշաալը ներկայացուած է որպէս «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավարի պաշտօնակատար։
«Համաս»-ի քաղաքական առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան եւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը Ֆիտանը քննարկած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ: