image

Եւրոպան ունի մեծ թիւով արտաքին եւ ներքին թշնամիներ եւ կրնայ մահանալ. Մաքրոն

Եւրոպան ունի մեծ թիւով արտաքին եւ ներքին թշնամիներ եւ կրնայ մահանալ. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կը կարծէ, որ Եւրոպան ունի մեծ թիւով արտաքին եւ ներքին թշնամիներ եւ «կրնայ մեռնիլ»։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Մենք երբեք այսքան արտաքին եւ ներքին թշնամիներ չենք ունեցած»,- ըսած է Մաքրոն՝ ելոյթ ունենալով Պերլինի մէջ Գերմանիոյ սահմանադրութեան 75-ամեակին նուիրուած միջոցառման։

«Ինչպէս նշած եմ քանի մը շաբաթ առաջ, Եւրոպան կ՚ապրի պահ մը, որմէ կախեալ է անոր գոյութիւնը, ես իսկապէս կը գտնեմ, որ մեր Եւրոպան կրնայ մեռնիլ», - ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:

Անոր խօսքով՝ «Եւրոպայի համար այս դժուար պահը» կապուած է ուքրանական հակամարտութեան հետ։

«Ես նաեւ կը կարծեմ, որ մեր ժողովրդավարութիւնը տեսակ մը ճգնաժամի մէջ է, եւ մենք անձամբ այդ կը տեսնենք», -ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Ան կը կարծէ, որ այս ճգնաժամի պատճառն ազգայնականութեան աճն է։

Ապրիլի վերջը Սորպոնի մէջ իր ելոյթի ժամանակ Ֆրանսայի առաջնորդը եւս մէկ անգամ զգուշացուցած էր, որ Եւրոպան «կրնայ մեռնիլ»։ Միաժամանակ ան ըսած է, որ ԵՄ-ն պէտք չէ «ԱՄՆ-ի վասալը» ըլլայ։

Մաքրոն կիրակի սկսած է պետական այցը Գերմանիա, որ պիտի տեւէ մինչեւ երեքշաբթի՝ մայիս 28-ը։ Սա Ֆրանսայի ղեկավարի առաջին պետական այցն է Գերմանիա՝ վերջին 24 տարուան ընթացքին։