image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոմիութիւնը կողմ՝ հայ- թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման

Եւրոմիութիւնը կողմ՝  հայ- թրքական  յարաբերութեանց կարգաւորման

Եւրամիութիւնը լիովին կ'աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջով գրառում կատարած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաար:

Անդրադառնալով Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ Մարտ 12-ին տեղի ունեցած հանդիպման՝ ան գրած է. «Խոստումնալից է Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը: Եւրամիութիւնը լիովին կ'աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց կարգաւորման»,- գրած է Քլաար: