image

«Եթէ արեւմուտքը ընդունէր մեր առաջարկները...» Լաւրով ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին խօսած է

«Եթէ արեւմուտքը  ընդունէր մեր առաջարկները...»  Լաւրով ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին խօսած է

Եթէ Արեւմուտքը ընդունէր Ռուսաստանի առաջարկները, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շատոնց կարգաւորուած կ'ըլլար: Այս մասին ուրբաթ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ հանդէս գալով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի ուսանողներու եւ դասախօսներու առաջ, կը գրոէ «ԹԱՍՍ»-ը:


Լաւրով նշած է, որ Ռուսաստանը կրնայ պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնը ՆԱԹՕ-ի հետ իրադարձութիւններու որեւէ տեսակի զարգացման պարագային: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսաստանը միակ երկիրն է, որ հաւատարիմ է այն հռչակագիրներուն, որոնք վերջին 20 տարիներու ընթացքին ընդունուած են ԵԱՀԿ-ի եւ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդին մէջ:


«Այդ հռչակագիրներուն մէջ ամրագրուած է եւրաթլանթեան շրջանին եւ Եւրասիայի մէջ հաւասար անվտանգութեան տարածք ձեւաւորելու կողմերու ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ վստահեցումը, որ մեզմէ ոչ ոք իր անվտանգութիւնը պիտի չուժեղացնէ ուրիշներու անվտանգութեան հաշուուն»,- նշած է ան:


Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ափսոսանք յայտնած է, որ այդ հռչակագիրներն «այդպէս ալ թուղթի վրայ մնացած են»:


«Անոնք իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող դարձնելու մեր բոլոր փորձերը մերժուած են մեր արեւմտեան գործընկերներուն կողմէն: Ես վստահ եմ, որ եթէ հաւասար անբաժանելի անվտանգութիւնն իսկապէս ստանար իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող ձեւ, շատ հակամարտութիւններ, որոնք այժմ կան Եւրոպայի մէջ, շատոնց կարգաւորուած կ'ըլլային»,- ըսած է ան:


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այդ մէկը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Մերձտնեստրի հակամարտութիւններուն:


«Իսկ ուքրանիական ճգնաժամ ընդհանրապէս չէր ըլլար»,- եզրակացուցած է ան: