Ահաւասիկ սիրելիներ թէ մեզմէ ինչ կը պահանջէ այս քառասնորդաց շրջանի երրորդ կիրակին. բոլորս կը մեղանչենք եւ կամ կը տարուինք սատանայի խաբկանքներէ, բայց մեզմէ կը սպասուի ըլլալ արթուն եւ պատրաստ այս բոլոր յարձակումներուն եւ փորձութիւններուն դէմ...եւ ամէնակարեւորը, երբ կ՛իյնամ մեղքի մէջ, շուտով խոստովանիմ նախ՝ իմ սրտիս մէջ, եւ ետքն ալ ոեւէ մէկ կղերականի մը, որպէսզի թողութիւնը ստանալէ ետք՝ կրկին իմ հոգեւոր կեանքս սկսիմ վերապրիլ եւ մնալ Աստուծոյ խնամքին եւ շնորհքին մէջ:
Չարին ճարպիկութիւնը մեզ մեղքի մէջ իյնացնելը չէ սիրելիներ, այլ մեր կողմէն կրկին ոտքի չկանգնիլը եւ սկիզբէն չսկսիլն է:
Սիրելիներ, Քրիստոս միշտ Հօր նման պատրաստ է մեզ ընդունելու եւ նոյնիսկ երկնային խնճոյքներ սարքելու, բայց մեզմէ խնդրուած է նախ՝ամբողջ սրտով ընդունիլ մեր սխալը, եւ ետքը ամբողջ էութեամբ զղջալ եւ որոշում առնել նոր կեանք մը սկսելու. Ամէն:
Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեան կը գրէ ՝
Սիրելիներ, Քրիստոս միշտ Հօր նման պատրաստ է մեզ ընդունելու եւ նոյնիսկ երկնային խնճոյքներ սարքելու, բայց մեզմէ խնդրուած է նախ՝ամբողջ սրտով ընդունիլ մեր սխալը, եւ ետքը ամբողջ էութեամբ զղջալ եւ որոշում առնել նոր կեանք մը սկսելու.
Ահաւասիկ սիրելիներ, արդէն իսկ կը սկսինք քառասնորդաց շրջանի երրորդ եւ անկիւնադարձային կիրակին որ կոչուած է՝ Անառակի կիրակին:
Առաջին կիրակին, մարդս կը գտնուէր դրախտի մէջ եւ կը վայելէր Աստուծոյ ներկայութիւնը: Երկրորդ կիրակին, եւ իր մեղքին պատճառով՝ ան դուրս դրուեցաւ եւ կամ արտաքսուեցաւ երկնքի փառքէն եւ ուրախութենէն: Իսկ այսօր, մարդս կոչուեցաւ անառակ...Աստուծոյ պատկերէն եւ նմանութենէն զրկուելով՝ դարձաւ անառակ որդի:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « վարդապետ, եթէ անառակ եմ, այլեւս ի՞նչ օգուտ զղջումի եւ կամ ծոմապահութեան...անիմաստ է...հետեւաբար շարունակեմ իմ կեանքս ինչպէս որ է...»:
Այս հարցումը սիրելիներ մեզմէ շատեր կը հարցնեն եւ շատ յաճախ, եւ երբեմն կը մնանք առանց պատասխանի, եւ չարին յանձնուելով՝ կ՛իյնանք անոր ձեռքերուն եւ ծրագիրին մէջ (չմոռնանք որ չարը նշանաւոր է իր խաբեբայութիւններով եւ խորամանկութիւններով):
Մեր այսօրուան աւետարանի հատուածին մէջ, ունինք երկու կերպարներ եւ կամ դէմքեր որոնք միեւնոյն ժամանակ երկու եղբայրներ են. մին հաւատարիմ իսկ միւսը՝ անառակ: Հաւատարիմը մնաց մինչեւ վերջ իր հօրը հրամանին եւ խօսքին տակ, իսկ անառակը՝ իր բաժինը խնդրելէ ետք, գնաց եւ ապրեցաւ անվայել եւ ոչ լուրջ կեանք մը, մինչեւ որ դարձաւ ծառայ, խոզ առած եւ աղքատ: Չդիմանալով այս բոլորին, ակամայ կերպով ուզեց դառնալ իր հօրը տունը, որովհետեւ այդտեղ կար հանգստութիւն եւ ուրախութիւն... եւ ամէնակարեւորը՝ մտքի ապահովութիւն: Տուն կը դառնայ կասկածով, սակայն հայրը զինք կ՛ընդունի բազուկները բացած, եւ ոչ միայն, այլ նաեւ խնճոյք կը պատրաստէ անոր տուն դառնալուն առիթով...:
Պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, այս բոլորէն ի՞նչ կրնամ սորվիլ եւ կամ օգտուիլ իմ առօրեայ կեանքիս մէջ».
1. Աշխարհին տուածը ժամանակաւոր է, ինչպէս նաեւ գոհացուցիչ եւ բաւարար չէ մարդուս համար.
2. Որպէս մարդ արարածներ բոլորս կը մեղանչենք, որովհետեւ ունինք ազատ կամքը՝ որոշում առնելու.
3. Բայց այս մէկը չի նշանակեր թէ մեղք գործելը արտօնուած է. Ո՛չ եւ բնաւ երբեք.
4. Ես այս կեանքին մէջ կանչուած եմ ընտրելու այս երկու եղբայրներէն մին ըլլալ. կամ հաւատարիմը եւ կամ անառակը: Միթէ՞ հաւատարիմը կատարեալ էր...վստահ ոչ, բայց գիտցաւ մնալ հնազանդ անոր հօրը խօսքին եւ խնդրանքին (ինչ որ մեզմէ ալ նոյն բանը խնդրուած է կատարել ամէն օր եւ ամէն ժամ).
5. Իսկ անառակին խոհեմութիւնը ո՞ւր էր. կրկին տուն դառնալը եւ ներողութիւն խնդրելը:
Ահաւասիկ սիրելիներ թէ մեզմէ ինչ կը պահանջէ այս քառասնորդաց շրջանի երրորդ կիրակին. բոլորս կը մեղանչենք եւ կամ կը տարուինք սատանայի խաբկանքներէ, բայց մեզմէ կը սպասուի ըլլալ արթուն եւ պատրաստ այս բոլոր յարձակումներուն եւ փորձութիւններուն դէմ...եւ ամէնակարեւորը, երբ կ՛իյնամ մեղքի մէջ, շուտով խոստովանիմ նախ՝ իմ սրտիս մէջ, եւ ետքն ալ ոեւէ մէկ կղերականի մը, որպէսզի թողութիւնը ստանալէ ետք՝ կրկին իմ հոգեւոր կեանքս սկսիմ վերապրիլ եւ մնալ Աստուծոյ խնամքին եւ շնորհքին մէջ:
Չարին ճարպիկութիւնը մեզ մեղքի մէջ իյնացնելը չէ սիրելիներ, այլ մեր կողմէն կրկին ոտքի չկանգնիլը եւ սկիզբէն չսկսիլն է:
Սիրելիներ, Քրիստոս միշտ Հօր նման պատրաստ է մեզ ընդունելու եւ նոյնիսկ երկնային խնճոյքներ սարքելու, բայց մեզմէ խնդրուած է նախ՝ամբողջ սրտով ընդունիլ մեր սխալը, եւ ետքը ամբողջ էութեամբ զղջալ եւ որոշում առնել նոր կեանք մը սկսելու. Ամէն:
Նիւթը՝ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն